ԱՆՄՈՌԱՆԱԼԻ ՕՐ ՄԸ ՋԱՒԱԽՔԻ «ԳՈՀԱՆԱՄՔ» ԵՒ «ՀԱՅՔ» ԵՐԳԻ-ՊԱՐԻ ՀԱՄՈՅԹԻ ԱՆԴԱՄՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

Հինգշաբթի, 3 Ապրիլ 2014-ին, հաճելի օր մը անցուցինք Ջաւախքէն ժամանած պատանիներու ու պարմանուհիներու հետ, որոնք մաս կը կազմեն «Գոհանամք» եւ «Հայք» երգի-պարի համոյթին: Մենք՝ Թ. դասարանի աշակերտներս, նախ զիրենք հիւրընկալեցինք հայոց պատմութեան դասապահուն, որուն ընթացքին ծանօթացանք իրարու, եւ ապրելակերպի, կրթական համակարգի ու մշակոյթի մասին տեղեկութիւններ փոխանակեցինք: Ապա ուղղուեցանք դէպի Չալեան սրահ, ուր Ջաւախքի մեր ընկերները մեզի սորվեցուցին հայկական շուրջպար մը, որմէ ետք միասնաբար ճաշեցինք: Ճաշէն ետք, «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահին մէջ միջնակարգի Է. եւ Ը. դասարաններու աշակերտներն ալ միացան մեզի, եւ միասնաբար ներկայացուցինք գեղարուեստական յայտագիր մը, որուն ընթացքին մեր դասընկերներէն Նարէ Աշգարեանը հանդէս եկաւ նուագով, Սէրուժ Յովսէփեանը՝ մենակատարութեամբ,Ը. դասարանէն Նանի Գալուստեան՝ սրինգով, իսկ Ռազմիկ Տէրունեանն ու Հայկ Աւետիսը՝ ասմունքով: Ջաւախքի մեր ընկերները երկու պարեր ներկայացուցին, ապա ձեռք-ձեռքի շուրջպարէ մը ետք հրաժեշտ տուինք իրարու: Այս փոքրիկ հանդիպումը մեզի առիթը ընծայեց ծանօթանալու մեր հայրենակիցներուն եւ նոր ընկերներ ունենալու: Մեր նոր ընկերները իրենց յաջորդ Լիբանան այցելութեան կրնան վստահ ըլլալ, որ այստեղ ունին զիրենք շատ սիրող եւ հիւրընկալող հասակակիցներ: Արենի Խաչատուրեան Թ. դասարան