Թ. ԴԱՍԱՐԱՆԷՆ ԱՐԵՆԻ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ ԱՌԱՋԻՆ ՀԱՆԴԻՍԱՑԱՒ «ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔ» ՇԱՐԱԴՐՈՒԹԵԱՆ Դ. ՄՐՑՈՒՄԻՆ

Կազմակերպութեամբ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի աշակերտական խորհուրդի տեղեկատուական-ուսումնասիրական աշակերտական խմբակին, Ուրբաթ, 28 Մարտ 2014-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Մեսրոպեան վարժարանի «Ֆարաճեան» լսարանին մէջ տեղի ունեցաւ «Հրանդ Տինք» միջդպրոցական շարադրութեան Դ. մրցանքի մրցանակաբաշխութեան արարողութիւնը` ներկայութեամբ Մեսրոպեան վարժարանի հրաւէրով Լիբանան ժամանած Հրանդ Տինքի փաստաբան Էրտալ Տողանին եւ պոլսահայ լրագրող Հրանդ Գասպարեանին, մրցումի դատական կազմի անդամներուն, լիբանանահայ վարժարաններու տնօրէններու, կրթական պատասխանատուներու, մամլոյ ներկայացուցիչներու, ուսուցիչներու, ծնողներու եւ աշակերտներու: Մանրամասնութիւնները կարդալ այստեղ: