«ԿԱՐՄԻՐ ԳԼԽԱՐԿԻԿԸ»-Ը ԹԱՏՐԵՐԳՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄ

Ուրբաթ, 28 Մարտ 2014-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ, մանկապարտէզի կապոյտ դասարանէն մինչեւ միջնակարգի Է. դասարանի աշակերտները դիտեցին Համազգայինի «Արեգ» մանկապատանեկան թատերախումբի «Կարմիր Գլխարկիկ»-ը թատրերգութեան ներկայացումը: Թատրերգութեան մէջ դերակատարութիւն ունէին Ճեմարանի հետեւեալ աշակերտները. Ժ. դասարանէն Սագօ Եագուպեան (գայլ) Ե. դասարանէն Սիլվիա Տէմիրճեան (կարմիր գլխարկիկ) Զ. դասարանէն Շահան Հաւաթեան (որսորդ) Ե. դասարանէն Ինեսսա Քեչեկ եւ Սվետլանա Միքայէլեան (թռչուններ)