ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ-ԶՐՈՅՑ

Ընկերային կազմաւորման ծիրէն ներս, Շաբաթ 29 Մարտ 2014-ին, ԺԱ. դասարանի աշակերտները հանդիպում ունեցան մասնագիտութեամբ բնաբան եւ թմրեցուցիչներու մասին քաջածանօթ՝ Շաղիկ Չափարեանին հետ: Այս հանդիպումին ընթացքին, Օրդ. Չափարեան բացատրեց տարբեր տիպի թմրեցուցիչներու յատկանիշները եւ անոնց պատճառած ազդեցութիւնները պատանիներուն ֆիզիքական եւ մտային առողջութեան վրայ: Հարցումներուն պատասխանելով, Օրդ. Չափարեան խորացաւ յատկապէս այն իրողութեան վրայ, որ թմրեցուցիչ նիւթերու գործածութեան մտածումը գրաւիչ դարձած է շատ մը պատանիներու համար՝ համացանցային կամ այլ ձեւերով հրամցուող պատկերներու կամ ֆիլմերու ընդմէջէն, եւ թէ ի՛նչպէս պէտք է զգաստ ու գիտակից ըլլալ՝ մերժելով այդ «գրաւիչ եւ վտանգաւոր հրաւէրը», որ ոչ միայն կը մոլորեցնէ երիտասարդութիւնը՝ զինք դարձնելով թմրեցուցիչներու մաֆիաներուն որսը, այլ նաեւ կրնայ առաջնորդել զայն մինչեւ մահ: