Չորեքշաբթի, 19 Նոյեմբեր 2025-ին, կեանքի հմտութիւններ եւ ընկերային կազմաւորման ծրագիրի ծիրէն ներս, Ճեմարանի շրջանաւարտ Տոքթ. Իշխան Եղիայեան հանդիպում մը ունեցաւ նախակրթարանի Դ. դասարանի աշակերտներուն հետ։ Ան խօսեցաւ առողջ կենցաղի, հաւասարակշռուած սննդականոնի եւ ակռաներու լաւ խնամքի մասին։ Աշակերտները շատ հարցումներ ունէին, Տոքթ. Իշխան մանրամասն բացատրութիւններ եւ լուսաբանութիւններ տուաւ անոնց։
ԱՌՈՂՋ ԿԵՆՑԱՂ ԵՒ ԱԿՌԱՆԵՐՈՒ ԽՆԱՄՔ
