ԶԳԱՑՈՒՄՆԵՐ ԱՐՏԱՅԱՅՏԵԼՈՒ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏՈՒԹԻՒՆԸ

Երկուշաբթի, 17 Նոյեմբեր 2025-ին, կազմակերպութեամբ ընկերային ծառայութեան գրասենեակին, տեղի ունեցաւ զրոյց մը տարրական բաժնի Ա. եւ Բ. դասարաններու աշակերտներուն հետ։ Ճեմարանի շրջանաւարտ հոգեբան Քրիսթել Աճէմեան աշակերտներուն խօսեցաւ սիրոյ, յարգանքի եւ զգացումներ արտայայտելու մասին։ Վերջաւորութեան ան ամրապնդեց աշակերտներուն գիտելիքները փոքր խաղով մը: