ԲԱՆԱՒՈՐ ԱՐՏԱՅԱՅՏՈՒԹԵԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐ

Միջնակարգի Թ. դասարանի աշակերտները հայերէնի դասապահուն բանաւոր կերպով ներկայացուցին իրենց նախասիրած նիւթերը։ Աշակերտներու կողմէ ներկայացուած նիւթերուն մէջ ընդգրկուած էին աստղագիտութիւն, տարբեր մարզաձեւեր եւ մարզիկներ, պատմութիւն, ընկերային նիւթեր, երաժշտութիւն, երաժշտական գործիքներ, մանրանկարչութիւն, ձեւագէտներ, որսորդութիւն եւ անասուններ։

Այս նախաձեռնութեան հիմնական նպատակը աշակերտներու բանաւոր արտայայտութեան զարգացումն էր, ինքնավստահութեան ամրապնդումը եւ հրապարակային խօսքի կարողութիւններու կատարելագործումը։ Ներկայացումները յառաջացուցին մեծ հետաքրքրութիւն եւ դասարանային աշխոյժ մթնոլորտ։