ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆԻ ԱՅՑԸ ՃԵՄԱՐԱՆ

Երեքշաբթի, 25 Նոյեմբեր 2025-ին, Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան այցելեց Ճեմարան: Ան հանդիպում ունեցաւ տնօրէնութեան եւ նախակրթարանի հայերէնի ու հայոց պատմութեան ուսուցիչներուն հետ եւ անոնց նուիրեց «Մանուկներու Աստուածաշունչը» : Ապա տեղի ունեցաւ նախակրթարանի աշակերտներուն հետ հաւաք մը, ուր ներկայացուց «Մանուկներու Աստուածաշունչը» նորատիպ հատորը եւ նուիրեց իւրաքանչիւրին: