ԻՄ ՆԱԽԱՍԻՐԱԾ ԱՆԱՍՈՒՆՍ

Ամբողջացնելէ ետք Կարօ Սասունիի «Լէյլանս» հատուածը, միջնակարգի Է. դասարանի աշակերտները հայերէնի դասապահուն ներկայացուցին իրենց նախասիրած անասունը։ Այս ներկայացումով անոնք հարստացուցին իրենց գիտելիքները, ինչպէս նաեւ` հայերէն լեզուի բառամթերքն ու բանաւոր արտայայտութիւնը։