ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ՄԱՆԿԱԿԱՆ ԽԱՂԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄ

Երկուշաբթի, 10 Նոյեմբեր 2025-ին, կազմակերպութեամբ ընկերային ծառայութեան գրասենեակին, Համազգայինի մանկավարժական արդիական ծրագիրներու համակարգող Արին Գալուստեան տարրական բաժինի Գ. դասարանի աշակերտներուն բացատրութիւններ տուաւ կեդրոնացումի եւ ընդհանուր զարգացման համար խաղի անհրաժեշտութեան եւ խաղերու տեսակներուն մասին: Ապա ան անդրադարձաւ համակարգչային խաղերուն եւ վերջապէս անոնց ծանօթացուց Համազգայինի Լալան ու Արան մանկական խաղերու…

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԻ ԴՊՐՈՑՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՆԵՐՈՒ ԱՅՑԸ ՃԵՄԱՐԱՆ

Երկուշաբթի 10 Նոյեմբեր 2025-ին, Ճեմարան ներկայացան Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու վարչական պատասխանատու Սամ Կարապետ, տնօրէն խորհուրդէն`Ռալֆ Քէօշկէրեան եւ «Արեգ» թատերական դպրոցի վարիչ Սիլվա Սողոմոնեան: Անոնք Բ. դասարանէն Թ. դասարանի բոլոր աշակերտներուն խօսեցան համազգայինի զոյգ կեդրոններուն մասին, ուր կը գործեն «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցը, «Կարկաչ» երգչախումբը, «Գայեանէ» պարի եւ պալէի դպրոցը,…

ՏԵՐԵՒՆԵՐՈՎ ԱՇԽԱՏԱՆՔ

Գիտութեան դասապահուն տարրական բաժինի Ա. դասարանի աշակերտները տերեւներով պատրաստեցին տարբեր կենդանիներու նկարներ. իւրաքանչիւրը աշխատեցաւ յատուկ ձեւով։ Այս աշխատանքը զարգացուց անոնց թէ՛ տեսողական, թէ՛ երեւակայական միտքը, նաեւ այսպիսով կրցան տեսնել եւ գիտնալ, որ տերեւները կ’ըլլան տարբեր տեսակի, իւրաքանչիւրը ունի իր յատուկ ձեւը, ինչպէս ամէն մէկ աշակերտ ունի իր յատուկ…

ՄՇԱԿՈՅԹ ԵՒ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ

Ուրբաթ, 7 Նոյեմբեր 2025-ին, միջնակարգի աշակերտները իրենց ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն ընկերակցութեամբ այցելեցին Լիբանանի պատմութեամբ եւ մշակոյթով հարուստ քանի մը վայրեր: Անոնք նախ այցելեցին Նահր Ալ Քալպի մէկ պատին վրայ զետեղուած, Լիբանանի անկախութեան նուիրուած նշանաւոր յուշակոթողներուն վայրը: Արաբերէնի ուսուցչուհին աշակերտներուն բացատրեց այդ յուշակոթողներուն բովանդակութիւնն ու արժէքը: Ապա աշակերտները ուղղուեցան դէպի Մեծամօր…

ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷԻ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ՃԵՄԱՐԱՆ

Ուրբաթ, 7 Նոյեմբեր 2025-ին Ճեմարան այցելեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեանի եւ ընկերակցութեամբ Կեդրոնական կոմիտէի անդամներու՝ նախկին նախարար Աւետիս Կիտանեանի եւ Կարօ Յարութիւնեանի։   Պատուիրակութիւնը նախ հանդիպեցաւ տնօրէնութեան հետ եւ ծանօթացաւ դպրոցի գործունէութեան, ապա շրջեցաւ դպրոցին զանազան բաժիններուն մէջ. յատկանշական էր աւարտական…

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԾՐԱԳԻՐՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄ

Երեքշաբթի, 4 Նոյեմբեր 2025-ին, Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան գրասենեակի տնօրէն Արին Գալուստեան հանդիպում ունեցաւ Ճեմարանի աւարտական դասարանի աշակերտներուն հետ: Ան պատմական ակնարկով մը անդրադառնալէ ետք Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան հիմնադրութեան նպատակին, աշխարհատարած կառոյցներուն եւ գործունէութեան, ներկայացուց Կեդրոնական Վարչութեան ծրագիրները եւ մանրամասն տեղեկութիւններ տուաւ իւրաքանչիւր ծրագիրի մասին: Ի…

ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏ ԿԱՐՕ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆԻ ՀԵՏ

Ուրբաթ, 31 Հոկտեմբեր 2025-ին Ճեմարանի 2019-ի շրջանաւարտ Կարօ Գրիգորեան հանդիպում ունեցաւ աւարտական դասարանի աշակերտներուն հետ եւ իրենց ներկայացուց Ֆրանսա ուսանելու բոլոր մանրամասնութիւնները՝ համալսարաններ, տարբեր մասնագիտութիւններ, կեցութեան պայմաններ…: Ան մասնաւորաբար անդրադարձաւ իր մասնագիտութեան՝ «Aerospace engineering»-ին, զոր ինք կ’աւարտէ յառաջիկայ տարի: Աշակերտները հետաքրքրութեամբ հետեւեցան բացատրութիւններուն, ապա բազմաթիւ հարցումներ ուղղեցին Կարոյին:…

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՀՐՇԷՋՆԵՐՈՒ ԿԵԴՐՈՆ

Ուրբաթ, 31 Հոկտեմբեր 2025-ին, Կապոյտ դասարանի փոքրիկները այցելեցին Հրշէջներու Կեդրոն։ Երեխաները մեծ խանդավառութեամբ ունկնդրեցին հրշէջին բացատրութիւնները, դիտեցին հրշէջին գործիքները, բարձրացան հրշէջներու ինքնաշարժը եւ շրջեցան շրջափակին մէջ։ Ապա մեծ հրճուանքով փորձեցին խողովակներով ջուր թափել՝ ինչպէս իսկական հրշէջներ։ Հաճելի եւ յիշատակելի օր մըն էր։

ՀԱՍԿՆԱՆՔ «BULLYING»-Ը ԵՒ ԶԱՅՆ ԴԻՄԱԳՐԱՒԵՆՔ

Ընկերային կազմաւորման ծրագիրի ծիրէն ներս, ընկերային ծառայութեան գրասենեակին կազմակերպութեամբ, Հինգշաբթի 23 Հոկտեմբերին, հոգեբան Հուրի Լոճիկեան-Պալթաճեան զրոյցներ կատարեց Դ. եւ Զ. դասարաններու աշակերտներուն հետ հետեւեալ նիւթով՝ «Հասկնանք «bullying»-ը եւ ի՞նչ լուծումներ կրնանք գտնել զայն դիմագրաւելու համար»։

ՈՒՍՄԱՆ ԿՈՂՄՆՈՐՈՇՈՒՄ

Ընկերային ծառայութեան գրասենեակը կը շարունակէ ուսման կողմնորոշման հանդիպումներու կազմակերպումը: Երկուշաբթի, 27 Հոկտեմբեր 2025-ին, USEK համալսարանի ներկայացուցիչները այցելեցին Ճեմարան եւ ԺԱ. եւ ԺԲ. դասարաններու աշակերտներուն ներկայացուցին համալսարան ընդունման պայմանները եւ տարբեր մասնագիտութիւնները:

ԺԱՄԱՆԱԿԻ ՂԵԿԱՎԱՐՈՒՄ

Դպրոցի ուղղավարժ Արազ Քալաշեան ԺԱ. դասարանի աշակերտներուն հետ արծարծեց «ժամանակի ղեկավարում» նիւթը: Լսելէ ետք աշակերտներուն արտայայտութիւնները իրենց առօրեային եւ ծանրաբեռնուած ժամանակացոյցին մասին, ան պետական քննութիւններու սեմին գտնուող աշակերտներուն որոշ հմտութիւններ թելադրեց իրենց ժամանակը լաւապէս օգտագործելու եւ զայն վատնելէ խուսափելու:

ԱՐԱՐԱՏԻ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՕՐ

Ուրբաթ, 24 Հոկտեմբեր 2025-ին, առաւօտեան Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի աշակերտներն ու ուսուցիչները օրուան խորհուրդին համապատասխանող շապիկները հագած հաւաքուեցան «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահ, ուր Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք, տնօրէնուհին Արարատի նուիրուած օրուան պատգամը փոխանցեց, շեշտելով նման ձեռնարկներու կարեւորութիւնը հայ աշակերտին ազգային դաստիարակութեան մէջ եւ աւարտեց…