ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ ԿԱՂԱՆԴԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

Երկուշաբթի, 22 Դեկտեմբեր 2025-ին, Նորսիկեան մանկապարտէզի աշակերտները տօնեցին Կաղանդը։ Անոնք մեծ հրճուանքով ու խանդավառութեամբ ներկայացուցին երգեր ու պարեր։ Փոքրիկներուն այցելեց Կաղանդ Պապան, որ խանդավառ մթնոլորտ մը ստեղծեց եւ ջերմացուց երեխաներուն սրտերը։

Ճեմարանի տնօրէնութիւնը յատուկ շնորհակալութիւն կը յայտնէ «Friends of Djemaran» խմբակին՝ ամերիկաբնակ մեր բարեկամներուն եւ բարերարներուն, որոնք հովանաւորեցին մանկապարտէզի այս տարեշրջանի Նոր Տարուան նուէրները: