ԿՈՂՈՎԱԳՆԴԱԿԻ ՕՐ

Ուրբաթ, 28 Նոյեմբեր 2025-ին, ՀՕՄ-ի Նորսիկեան մանկապարտէզի փոքրիկները մարզական տարազներով այցելեցին «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիր, ուր խաղերով, մրցումներով, մարզանքներով եւ մարզիկներու հետ հանդիպումներով շատ հաճելի ժամանակ անցուցին։ Անոնք հետեւեցան մարզիչներու եւ մարզիկներու ցուցմունքներուն եւ փորձեցին մարզական տարբեր շարժումներ։ Երբ դպրոց վերադարձան, փոքրիկները արդէն որոշած էին ապագային կողովագնդակի խաղացողներ ըլլալ։