ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԾՈՎԱՅԻՆ ԱՆԱՍՈՒՆՆԵՐՈՒ ԹԱՆԳԱՐԱՆ

Երկուշաբթի, 20 Մարտ 2017-ին, նախակրթարանի Դ. դասարանի աշակերտները այցելեցին «Les merveilles de la mer» ծովային անասուններու թանգարանը (Ժտէյտի) եւ ծանօթացան հոն ցուցադրուած ողնաւոր եւ անողն անասուններու տեղափոխուելու, պաշտպանուելու, սնուելու եւ բեղմնաւորուելու ձեւերուն: Աշակերտները դիտեցին այս նիւթով տեսերիզ մը, հետեւեցան բացատրութեան, պատասխանեցին հարցումներուն, ապա շրջեցան թանգարանին մէջ գոհացում տալով…

ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՕՐՈՒԱՆ ՆՇՈՒՄ

Երեքշաբթի, 21 Մարտ 2017-ին, նախակրթարանի Զ. դասարաններու աշակերտները նշեցին բանաստեղծութեան միջազգային օրը: Իրմա Գապագեան Տէտէեան աշակերտներուն բացատրութիւններ տուաւ բանաստեղծութիւններու եւ ասմունքողի յատկանիշներուն մասին: Ան ասմունքեց Զահրատի «Մեսրոպաբոյր», Եղիշէ Չարենցի «Ես իմ անուշ Հայաստանի» եւ Մուշեղ Իշխանի «Մայրիկիս» բանաստեղծութիւնները: Այնուհետեւ միջնակարգի Է. դասարանէն Լոռի Եահնիյեան եւ Հրակ Լախեան, որոնք…

«ՔԱՂԱՔԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՎՆԱՍՆԵՐԸ»

Երկուշաբթի, 13 Մարտ 2017-ին, նախակրթարանի Զ. դասարաններու աշակերտները մեծ հաճոյքով ու խանդավառութեամբ բեմականացուցին իրենց դասը՝ «Երբ չես ուզեր հիւր ընդունիլ»: Աշակերտները հայերէն լեզուի դասապահուն,  երգիծական ստեղծագործութիւններու ծիրէն ներս, ծանօթացան հայ գրականութեան մեծ երգիծաբան Յակոբ Պարոնեանին ու անոր գործերուն, մասնաւորաբար «Քաղաքավարութեան վնասները» ստեղծագործութեան: Երգիծական ոճի յատկանիշներէն բացի, անոնք սորվեցան,…

ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 87 ԱՄԵԱԿԻ ՆՇՈՒՄ

Ուրբաթ, 3 Մարտ 2017-ի առաւօտեան, միջնակարգի եւ երկրորդականի աշակերտները հաւաքուեցան իրենց բակը  եւ նշեցին Ճեմարանի հիմնադրութեան 87 ամեակը: Խօսք առաւ աւարտական դասարանէն Նարօտ Սերուժեան եւ ըսաւ. «87 տարի առաջ այսօր, 1930-ին, Լիբանանի մէջ հիմնուեցաւ Համազգայինի Հայ Ճեմարանը: Սկզբական շրջանին, դպրոցը կը գործէր Պէյրութի Քանթարի փողոցին վարձու շէնքի մը…

ԱՒԱՐՏԱԿԱՆ ԴԱՍԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒՆ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆԻ ՆՇՈՒՄԸ

Բարեկենդանի առիթով, Հինգշաբթի, 2 Մարտ 2017-ի առաւօտեան, աւարտական դասարանի աշակերտները դպրոց ժամանեցին ծպտուած: Անոնք երկու ժամ շրջեցան դպրոցին զանազան բաժինները երգելով ու պարելով եւ ուրախութիւն սփռեցին ամենուրէք, ապա վերադարձան իրենց դասերուն…: Քրիստ Բրուտեան ԺԲ. դասարան

ՊԱՐՏԻԶՊԱՆԸ ԵՒ ԻՐ ԳՈՐԾԻՔՆԵՐԸ

Մանկամսուրի փոքրիկները ծանօթացան պարտիզպանին աշխատանքին  եւ անոր գործիքներուն:  Անոնք իրենց գիտելիքները աւելի եւս ամրապնդեցին գործնական աշխատանքով՝ հունտ ցանելով:

ՆԱՐԵԿ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ԿԸ ՍՏԱՆԱՅ «ՄԱԿԻ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐ»Ի ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՄՐՑԱՆԱԿԸ (SECRETARY GENERAL AWARD) MODEL UNITED NATIONS (MUN) ԾՐԱԳՐԻՆ

Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի աշակերտական պատուիրակութիւն մը այս տարի եւս մասնակցեցաւ Լիբանան-Ամերիկեան Համալսարանի (LAU) նախաձեռնած Model United Nations (MUN) ծրագրին: Այս ծրագրի գործնականացման հանդիպումներուն, աշակերտները խորացուցին իրենց գիտելիքները Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան (ՄԱԿ) մասին, անոնք սորվեցան քաղաքացիական պատասխանատուութիւն ստանձնել, սորվեցան դիւանագիտական տարբեր հմտութիւններ, ինչպէս նաեւ՝ տագնապներու խաղաղ լուծման…

ՓՐՈՖ. ՌԻՉԸՐՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆ ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Երկուշաբթի, 27 Փետրուար 2017-ին, Ճեմարանի ԺԱ. եւ ԺԲ. դասարաններու աշակերտները հիւրընկալեցին Փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանը եւ դուստրը՝ Անի Յովհաննէսեան- Գէորգեանը: Ճեմարանի տնօրէն Փաուլա Եղիայեանի ողջոյնի խօսքէն ետք, աւարտական դասարանէն Յակոբ Թաշճեան ներկայացուց Փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեան ամերիկահայ պատմաբանը եւ ցեղասպանագէտը։ Ան ըսաւ, որ Ռիչըրտ Յովհաննէսեան ճանչցուած է յատկապէս չորս հատորէ…

ՀԱՅՐԵՐՈՒ ՏՕՆ

Չորեքշաբթի, 22 Փետրուար 2017-ի երեկոյեան ժամը 8։00-ին, տարրական բաժինի Բ. դասարանի աշակերտները նշեցին հայրերու տօնը։ Անոնք հայրերուն ներկայացուցին իրենց պատրաստած երգերը, պարերը եւ արտասանութիւնները։ Աշակերտները իրենց հայրերուն հետ մասնակցեցան խաղերու եւ միասնաբար երգեցին ու պարեցին ճոխ մթնոլորտի մէջ: Ձեռնարկի աւարտին, իւրաքանչիւր աշակերտ իր հօրը նուիրեց իր պատրաստած ձեռային…

ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆԻ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ

Չորեքշաբթի, 22 Փետրուար 2017-ին, Տիկ. Սօսէ Ճինպաշեան նախակրթարանի Դ. դասարանի աշակերտներուն փոխանցեց բարեկենդանի խորհուրդը: Ան աշակերտներուն ներկայացուց «ակլատիզ»ը՝ մեծ պահքի ծիսական տիկնիկը: Տիկ. Սօսէ հայկական տարազներով ծպտեց աշակերտ մը եւ աշահերտուհի մը, ապա խօսեցաւ հայկական ընդհանուր գիտելիքներու մասին: Այնուհետեւ ան աշակերտները հիւրասիրեց իր պատրաստած տարեհացով: Աշակերտները պարեցին «Թամզարա»ն…

ՄԱՆԷ ՊԱՍՄԱՃԵԱՆ ԵՒ ԿԱՐՕ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ ՀԱՆԴԻՍԱՑԱՆ ԵՐԿՐՈՐԴ

Կազմակերպութեամբ NDU համալսարանին, Երեքշաբթի, 21 Փետրուար 2017-ին, տեղի ունեցաւ երկրորդական բաժինի աշակերտներու դաշնամուրի միջդպրոցական մրցանք: Մրցանքին մասնակցեցան Ճեմարանի աշակերտներէն՝ Ռիթա Մուրատեան, Կարօ Գրիգորեան (Ժ. դասարան) եւ Մանէ Պասմաճեան (ԺԲ. դասարան), որոնք անցան առաջին հանգրուանը: ԱյնուհետեւԿարօն եւ Մանէն անցան աւարտական հանգրուան, որուն աւարտին արժանացան յանձնաժողովի անդաներուն բարձր գնահատանքին եւ…

ՏԱՐՐԱԿԱՆ ԲԱԺԻՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ ԿԸ ՆՇԵՆ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆԸ

Չորեքշաբթի, 22 Փետրուար 2017-ին, տարրական բաժինի աշակերտները ծպտուած դպրոց եկան եւ նշեցին բարեկենդանի տօնը: Անոնք ուրախ մթնոլորտի մէջ երգեցին, արտասանեցին, պարեցին ու տարեդարձներ տօնեցին: Բարի տօն բոլորին: