ՓՐՈՖ. ՌԻՉԸՐՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆ ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Երկուշաբթի, 27 Փետրուար 2017-ին, Ճեմարանի ԺԱ. եւ ԺԲ. դասարաններու աշակերտները հիւրընկալեցին Փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանը եւ դուստրը՝ Անի Յովհաննէսեան- Գէորգեանը:

Ճեմարանի տնօրէն Փաուլա Եղիայեանի ողջոյնի խօսքէն ետք, աւարտական դասարանէն Յակոբ Թաշճեան ներկայացուց Փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեան ամերիկահայ պատմաբանը եւ ցեղասպանագէտը։ Ան ըսաւ, որ Ռիչըրտ Յովհաննէսեան ճանչցուած է յատկապէս չորս հատորէ բաղկացած Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան մասին իր գիրքերով։ Այս գիրքերը ակադեմական, գիտական աշխարհին մէջ ընդունուած են իբրեւ հիմնաւոր աշխատութիւններ պատմական տուեալ ժամանակահատուածին մասին։ Ռիչըրտ Յովհաննէսեան ծնած է 1932 թուականի Նոյեմբեր 9-ին Քալիֆորնիոյ մէջ։ Ան իր հայկական ինքնութեան աղբիւրը գտած է Ֆրեզնոյի Սուրբ Երրորդութիւն Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ մէջ, ուր ան մաս կը կազմէր երգչախումբին։

1952 թուականին տակաւին երիտասարդ Ռիչըրտ մասնակցեցաւ Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ համայնքի շրջանակներուն միջեւ տեղի ունեցող քննարկման մը, ուր բանախօսը Սիմոն Վրացեանն էր։ Զրոյցի ժամանակ Վրացեանը անոր առաջարկեց մեկնիլ Լիբանան, անցընել տարի մը, եւ Համազգային Նշան Փալանճեան ճեմարանի մէջ սորվիլ հայերէն։ 1954 թուականին Ռիչըրտ Յովհաննէսեան աւարտեց UC Berkeley համալսարանը եւ տարի մը անց՝ 1955 թուականին, հետեւեցաւ Վրացեանի խորհուրդին եւ մեկնեցաւ Լիբանան։ Արդէն 1956 թուականին, հեռանալով Պէյրութէն, ան վարժ կը խօսէր եւ կը գրէր հայերէն։ 1966 թուականին ան մեծ յաջողութեամբ պաշտպանեց գիտական թէզը՝ «Հայաստանը անկախութեան ճանապարհին» թեմայով։ Փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեան 60-է աւելի գիտական յօդուածներու եւ մօտ 20 մենագրութիւններու հեղինակ է։ Ան արժանացած է Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի շքանշանին, Կիլիկիոյ Ասպետ շքանշանին, Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան եւ այլ շքանշաններու։ Հայաստանի Գիտութիւններու Ակադեմիան 1990 թուականին զայն ընտրած է իբրեւ ակադեմիայի արտասահմանեան անդամ։ Յակոբ Թաշճեան իր խօսքը աւարտեց ըսելով, որ Փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեան ցայսօր մեծ ջանքեր կը ներդնէ հայապահպանութեան, ցեղասպանութեան ճանաչման գործին մէջ եւ սերտօրէն կը համագործակցի Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի եւ գիտակրթական այլ հաստատութիւններու հետ։

Այնուհետեւ խօսք առաւ Ռիչըրտ Յովհաննէսեան եւ ըսաւ, որ խորապէս ազդուած է Ճեմարան այցելութեան առիթով, որովհետեւ Նշան Փալանճեան Ճեմարանի մէջ է, որ 20 տարեկանին ինք սորված է հայերէն: Ան տեսերիզի ցուցադրութեամբ աշակերտներուն ներկայացուց Ճեմարան աշակերտած իր կարճ, բայց իմաստալից ժամանակաշրջանը եւ պատմեց մասնաւորաբար, թէ ի՛նչպէս 30 տարի աշխատանքէ ետք հրատարակեց Հայաստանի առաջին հանրապետութեան մասին իր գիրքերը, ապա յորդորեց աշակերտներուն նոյնպէս յարատեւ աշխատանք տանիլ հասնելու համար իրենց նպատակակէտին, դառնալու համար ազգին ապագայ ղեկավարները:   Հանդիպման աւարտին, խօսք առաւ նաեւ Փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանի դուստրը՝ Անի Յովհաննէսեան- Գէորգեան, որ ներկայացուց իր պատրաստած վաւերագրական ժապաւէնը` Համշէնի ու համշէնահայութեան մասին:

Ճեմարանի տնօրէնուհին հանդիպումը փակեց հիւրերուն ուղղած իր երախտագիտութեան եւ հրաժեշտի խօսքով: