ՆԱՐԵԿ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ԿԸ ՍՏԱՆԱՅ «ՄԱԿԻ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐ»Ի ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՄՐՑԱՆԱԿԸ (SECRETARY GENERAL AWARD) MODEL UNITED NATIONS (MUN) ԾՐԱԳՐԻՆ

Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի աշակերտական պատուիրակութիւն մը այս տարի եւս մասնակցեցաւ Լիբանան-Ամերիկեան Համալսարանի (LAU) նախաձեռնած Model United Nations (MUN) ծրագրին:

Այս ծրագրի գործնականացման հանդիպումներուն, աշակերտները խորացուցին իրենց գիտելիքները Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան (ՄԱԿ) մասին, անոնք սորվեցան քաղաքացիական պատասխանատուութիւն ստանձնել, սորվեցան դիւանագիտական տարբեր հմտութիւններ, ինչպէս նաեւ՝ տագնապներու խաղաղ լուծման ուղղուած բանակցութիւններ վարելու, երկիրներու դիւանագիտական ներկայացուցչութիւնը կատարելու եւ ՄԱԿ-ի բանաձեւեր գրելու սկզբունքները:

Կը շնորհաւորենք այս տարուան մասնակիցներէն Նարեկ Մեսրոպեանը, որ ստացաւ «Մակի ընդհանուր քարտուղար»ի մրցանակը (Secrerary General Award), որ կը տրուի միաժամանակ՝ Դիրքորոշման փաստաթուղթի եւ Դիւանագիտական կեցուածքի համար գերազանց արդիւնք ապահովող մասնակիցին: