ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 87 ԱՄԵԱԿԻ ՆՇՈՒՄ

Ուրբաթ, 3 Մարտ 2017-ի առաւօտեան, միջնակարգի եւ երկրորդականի աշակերտները հաւաքուեցան իրենց բակը  եւ նշեցին Ճեմարանի հիմնադրութեան 87 ամեակը:

Խօսք առաւ աւարտական դասարանէն Նարօտ Սերուժեան եւ ըսաւ. «87 տարի առաջ այսօր, 1930-ին, Լիբանանի մէջ հիմնուեցաւ Համազգայինի Հայ Ճեմարանը: Սկզբական շրջանին, դպրոցը կը գործէր Պէյրութի Քանթարի փողոցին վարձու շէնքի մը մէջ, որմէ ետք ան կը փոխադրուի Պէյրութի Ուատի Ապու Ճամիլ փողոց, մինչեւ որ Փալանճեան քոյրերու նուիրատուութեան եւ Ամերիկայէն հանգանակուած գումարներու շնորհիւ, կարելի կ’ըլլայ գնել Զոքաք Էլ Պլաթի կալուածը, որ կը կոչուի Նշան Փալանճեան Ճեմարան: Աւելի ուշ, ան վերջնականապէս կը փոխադրուի Մըզհէր: Նոր կերտուած Ճեմարանը 3 Մարտին կը բանայ իր դռները… Իբրեւ աւարտական դասարանի աշակերտներ, վերջին անգամ մեր սիրելի դպրոցին յարկին տակ կը տօնենք 87 բեղուն տարիներ ապրած, սերունդներ դաստիարակած, հայ մշակոյթի եւ հայ լեզուի արդար պահակին` Ճեմարանին տարեդարձը: Շնորհիւ այս հաստատութեան այսօր կանգնած ենք հոս, իբրեւ մշակուած եւ դաստիարակուած հայ երիտասարդներ, նոր սերունդի ներկայացուցիչներ, որոնք պատրաստ են դիմագրաւելու կեանքի դիւրին թէ դաժան երեսները: Այսօր կու գանք դարձեալ շնորհակալութիւն յայտնելու այս դպրոցին, որ առանցքը դարձաւ մեր հայեցի դաստիարակութեան: Կը խոնարհինք Ճեմարանի հիմնադիրներուն` Լեւոն Շանթի Նիկոլ Աղբալեանի ու անոնց աջակից դարձած սերունդին յիշատակին առջեւ, խոստանալով որ վառ պիտի պահենք անոնց աւանդն ու գաղափարաբանութիւնը: Խունկ ու մոմ ձեր յիշատակին: Կեցցե’ն ճեմարանականն ու ճեմարանաւարտը, կեցցէ’ Հայ Ճեմարանը, կեցցէ’ մեր Ճեմարանը»: Այնուհետեւ Կայա Գարամինասեան, Սարին Պոյաճեան եւ Նարէ Աշգարեան ընթերցեցին Լեւոն Շանթի, Նիկոլ Աղբալեանի, Սիմոն Վրացեանի եւ Մուշեղ Իշխանի խօսքերէն, ապա աշակերտները երգեցին Ճեմարանի քայլերգը եւ բարձրացան իրենց դասարանները: