ՄԱՆԷ ՊԱՍՄԱՃԵԱՆ ԵՒ ԿԱՐՕ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ ՀԱՆԴԻՍԱՑԱՆ ԵՐԿՐՈՐԴ

Կազմակերպութեամբ NDU համալսարանին, Երեքշաբթի, 21 Փետրուար 2017-ին, տեղի ունեցաւ երկրորդական բաժինի աշակերտներու դաշնամուրի միջդպրոցական մրցանք:

Մրցանքին մասնակցեցան Ճեմարանի աշակերտներէն՝ Ռիթա Մուրատեան, Կարօ Գրիգորեան (Ժ. դասարան) եւ Մանէ Պասմաճեան (ԺԲ. դասարան), որոնք անցան առաջին հանգրուանը: ԱյնուհետեւԿարօն եւ Մանէն անցան աւարտական հանգրուան, որուն աւարտին արժանացան յանձնաժողովի անդաներուն բարձր գնահատանքին եւ հաւասարապէս գրաւեցին երկրորդ դիրքը:

Կը շնորհաւորենք Կարօն ու Մանէն եւ նորանոր նուաճումներ կը մաղթենք իրենց: