ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆԻ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ

Չորեքշաբթի, 22 Փետրուար 2017-ին, Տիկ. Սօսէ Ճինպաշեան նախակրթարանի Դ. դասարանի աշակերտներուն փոխանցեց բարեկենդանի խորհուրդը: Ան աշակերտներուն ներկայացուց «ակլատիզ»ը՝ մեծ պահքի ծիսական տիկնիկը:

Տիկ. Սօսէ հայկական տարազներով ծպտեց աշակերտ մը եւ աշահերտուհի մը, ապա խօսեցաւ հայկական ընդհանուր գիտելիքներու մասին: Այնուհետեւ ան աշակերտները հիւրասիրեց իր պատրաստած տարեհացով: Աշակերտները պարեցին «Թամզարա»ն եւ երգեցին «Այ Նուպար»:

Դ. դասարաններու բարեկենդանի յայտագրի առաջին բաժինը աւարտեցաւ հիւրասիրութեամբ:

Յայտագրի երկրորդ բաժինը կ’ընդգրկէր բարեկենդանի վերաբերեալ ձեռային աշխատանք մը. աշակերտները միասնաբար պատրաստեցին «ակլատիզ»ը, ապա ուրախ-զուարթ մեկնեցան տուն: