«ՔԱՂԱՔԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՎՆԱՍՆԵՐԸ»

Երկուշաբթի, 13 Մարտ 2017-ին, նախակրթարանի Զ. դասարաններու աշակերտները մեծ հաճոյքով ու խանդավառութեամբ բեմականացուցին իրենց դասը՝ «Երբ չես ուզեր հիւր ընդունիլ»:

Աշակերտները հայերէն լեզուի դասապահուն,  երգիծական ստեղծագործութիւններու ծիրէն ներս, ծանօթացան հայ գրականութեան մեծ երգիծաբան Յակոբ Պարոնեանին ու անոր գործերուն, մասնաւորաբար «Քաղաքավարութեան վնասները» ստեղծագործութեան: Երգիծական ոճի յատկանիշներէն բացի, անոնք սորվեցան, որ մարդ յաճախ զոհ կը դառնայ քաղաքավարութեան: