ՊՏՈՅՏ ՄԸ ԴԷՊԻ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՏԵՍԱՐԺԱՆ ՎԱՅՐԵՐ

Ժ. դասարանի աշակերտներս «Զարդարենք վերամշակումով» մրցանքին իբրեւ յաղթականներ շահեցանք պտոյտ մը դէպի Լիբանանի տեսարժան վայրեր, Երեքշաբթի, 4 Ապրիլ 2017-ին:

Շատ խանդավառ էինք: Ճոխ մթնոլորտը սկսաւ հանրաշարժին մէջէն՝ թմբուկով, երգով ու պարով: Հասանք Լիբանանի ամենաբարձր դիրքի վրայ գտնուող գիւղը՝ Պքաաքաֆրա: Զուտ լիբանանեան ճարտարապետութեամբ հին տնակներու եւ թաղերու մէջէն անցնելով այցելեցինք Ս. Շարպէլի գիւղը եւ այն հրաշակերտ քարայրը, ուր ան կ’առանձնանար աղօթելու համար: Ապա ուղղուեցանք Աննուպինի ձորը՝ տեսնելու համար Միջին Արեւելքի առաջին տպարանը: Յետոյ այցելեցինք լիբանանցի մտաւորական, գծագրիչ եւ փիլիսոփայ Ժըպրան Խալիլ Ժըպրանի թանգարանը: Վերջապէս գացինք Պշարիի մէջ գտնուող Պնաշիի լիճը, ուր ճաշեցինք եւ «փետալօ»-ով շրջեցանք լիճին վրայ:

Վերադարձի ճամբուն վրայ համտեսեցինք Պաթրունի հռչակաւոր լիմոնի հիւթը: Այսպիսով ուրախ-զուարթ եւ նոր գիտելիքներ ամբարած բաժնուեցանք իրարմէ:

Նարօտ Մերտխանեան