ՄԱՆԿԱՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԳԻՐՔԵՐՈՒ ՇՐՋՈՒՆ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ

Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան գրատարածի նախաձեռնութեամբ եւ կազմակերպութեամբ, մանկապատանեկան գիրքերու եւ դաստիարակչական խաղերու շրջուն ցուցահանդէսը տեղի ունեցաւ Ճեմարանի մէջ, Հինգշաբթի, 23 Մարտ 2017-ին։

Աշակերտները հետաքրքրութեամբ դիտեցին գիրքերը, ապա հարստացուցին իրենց տան գրադարանը՝ գնելով իրենց նախասիրած գիրքերը: