ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԼՕԽ-Ի «ԱՊԸԲ» ԿԵԴՐՈՆ

Ուրբաթ, 7 Ապրիլ 2017-ին, Ժ. դասարաններու աշակերտները այցելեցին ԼՕԽ-ի ԱՊԸԲ կեդրոն, մօտէն ծանօթանալու կեդրոնի բաժանմունքներուն, Շրջանային վարչութեան, յանձնախումբերու եւ մասնաճիւղերու աշխատանքներուն:

Աշակերտները մեծ հետաքրքրութեամբ հետեւեցան տրուած բացատրութիւններուն, դիտեցին տեսերիզ մը, ապա շրջեցան կեդրոնի տարբեր բաժանմունքները: