ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ՝ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՕՐՈՒԱՆ ԱՌԻԹՈՎ

Մարտ ամսուն, նախակրթարանի Ե. դասարանի աշակերտները բանաստեղծութեան միջազգային օրուան առիթով ունկնդրեցին այն բանաստեղծութիւնները, որոնք երգի վերածուած են եւ արտասանեցին իրենց նախասիրած գրութիւնները եւ կատարեցին պատի թերթի աշխատանքներ: Նոյն ծիրին մէջ, երգի ուսուցչուհին աշակերտներուն ներկայացուց Կոմիտասը, անոնք դիտեցին տեսերիզ մը եւ սորվեցան «Շողեր ջան» երգը:

Աշակերտները հայերէն լեզուի դասապահուն «Հայկական հաց» բնաբանով ծանօթացան Օշական գիւղին, դիտեցին տեսերիզ մը եւ համտեսեցին Հայաստանէն բերուած լաւաշն ու Լոռիի պանիրը: