Ուրբաթ, 19 Դեկտեմբեր 2025-ին, Ը. դասարանի աշակերտները պատրաստեցին ներկայացում մը՝ «Հայկական Ամանորը» բնաբանով։ Ներկայացման ընթացքին իւրաքանչիւր խմբակ ներկայացուց իրեն տրուած նիւթը՝ անդրադառնալով հայկական ամանորեայ սովորութիւններուն, աւանդութիւններուն, ազգային արժէքներուն: Ինչպէս նաեւ անոնք անդրադարձան այն հարցին, թէ որքանով պահպանուած են այդ սովորութիւնները այսօր Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ։ Աշակերտները նշեցին, որ թէեւ ժամանակակից կեանքի պայմանները որոշ փոփոխութիւններ բերած են, այնուամենայնիւ ամանորեայ բազմաթիւ աւանդութիւններ շարունակ կ’ապրին թէ՛ Հայաստանի մէջ եւ թէ Սփիւռքի տարբեր համայնքներուն մէջ՝ ընտանիքներու, դպրոցներու եւ մշակութային միութիւններու միջոցով։
Այս խոյզերը նպաստեցին աշակերտներուն գիտելիքներու ընդլայնման ու մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծեցին աշակերտներուն մօտ։
