Արուեստի ծիրին հետ կապակցաբար, Ը. դասարանի իւրաքանչիւր աշակերտ պրպտումներ ըրաւ եւ անգլերէնով ներկայացուց իր նախասիրած արուեստի գործը, ընդհանուր տեղեկութիւններ եւ մանրամասնութիւններ փոխանցեց իր ընտրած պատկերին բնոյթին մասին, առաւել իր կարծիքը յայտնեց անոր նկատմամբ։ Այս ներկայացումները կը միտին աշակերտներուն մօտ արուեստի ճաշակը եւ բանաւոր արտայայտութիւնը զարգացնելու։
Արձակուրդին նախորդող շաբաթը, աշակերտներ խմբակներով պրպտումներ ըրին տարբեր երկիրներու Կաղանդի եւ Սուրբ Ծնունդի իւրայատուկ աւանդութիւններուն մասին եւ ներկայացուցին շատ հետաքրքրական ձեւով, մթնոլորտը դարձնելով տօնական։ Նոյն շաբաթը անոնք այցելեցին դպրոցին գրադարանը, որպէսզի ընտրեն զիրենք հետաքրքրող անգլերէն լեզուով գիրք մը ընթերցելու համար արձակուրդին։
