Անգլերէնի դասապահուն, Զ. դասարանի աշակերտները սորվեցան «Rudolph the red nosed reindeer» երգը։ Իւրաքանչիւր աշակերտ իւրայատուկ պատկերով բացիկ պատրաստեց եւ մաղթանքներ գրեց բացիկին ետին։
Կաղանդի արձակուրդէն առաջ, տօնական մթնոլորտի մէջ, իրենց սորված երգը երգեցին, ապա իրենց պատրաստած բացիկները փոխանակեցին ջերմ մաղթանքներ արտասանելով։ Նաեւ խումբ-խումբ աշակերտներ ներկայացուցին Կաղանդի ու Սուրբ Ծննդեան հայկական եւ լիբանանեան աւանդութիւններ, զորս իրենք կը կիրառեն իրենց տուներէն ներս, մթնոլորտը դարձնելով աւելի եւս տօնական։
