Դեկտեմբեր ամսուան ընթացքին, միջնակարգի Է. դասարանի աշակերտները անգլերէնի դասապահուն ներկայացուցին տարբեր երկիրներու Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան սովորութիւններն ու աւանդութիւնները իւրայատուկ ու հետաքրքրական ձեւով: Անոնք կարեւոր գիտելիքներ փոխանցեցին եւ գեղեցիկ մաղթանքներ փոխանակեցին, երբեմն ալ համեստ հիւրասիրութիւններ ըրին տուեալ երկրին սովորութիւններուն հետ առնչուած:
Այս աշխատանքին նպատակն է աշակերտներուն բանաւոր արտայայտութիւնը զարգացնել անգլերէն լեզուով:
