ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ-ԶՐՈՅՑ ՄԻՋՆԱԿԱՐԳԻ ԾՆՈՂՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

Կազմակերպութեամբ ընկերային ծառայութեան գրասենեակին, Չորեքշաբթի, 17 Դեկտեմբեր 2025-ի երեկոյեան, «Պատանեկան տարիքի տարբեր մարտահրաւէրները եւ բախումներ ծնողներուն հետ» նիւթով զրոյց-հանդիպում մը տեղի ունեցաւ միջնակարգի ծնողներուն հետ:

Ճեմարանի խնամակալութեան անդամ, Հայկազեան համալսարանի դասախօս Դոկտ. Շաղիկ Գանտահարեան-Խիւտավերտեան մանրամասնութեամբ ներկայացնելէ ետք նիւթը, պատասխանեց ծնողներուն հարցումներուն: Զրուցավարն էր ընկերային ծառայող Սիլվա Սողոմոնեան: