Կազմակերպութեամբ Ճեմարանի ընկերա-հոգեբանական գրասենեակին, Շաբաթ, 17 Յունուար 2026-ի առաւօտեան, տարրական բաժինի ծնողներուն հետ տեղի ունեցաւ հանդիպում-զրոյց մը՝ «ծնողներուն եւ իրենց զաւակներուն միջեւ որակեալ եւ շինիչ ժամանակի կարեւորութիւնը» նիւթով:
Ճեմարանի տնօրէն Փաուլա Եղիայեան շեշտեց դպրոց-զաւակ-ծնողք կապի կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ նման հանդիպումներու անհրաժեշտութիւնը: Ապա ներկայացուց դպրոցին մէջ գործող ընկերա-հոգեբանական գրասենեակներու աշխատանքը եւ մասնագէտները՝ ընկերային ծառայող, հոգեբան-խորհրդատու, ուղղավարժ եւ հիւանդապահուհի: Զրուցավարն էր ընկերային ծառայողներէն Սիլվա Սողոմոնեան: Մասնագէտներու այս խմբակէն իւրաքանչիւրը խօսեցաւ դպրոցին մէջ իր պարտականութիւններուն մասին: Ապա քննարկուեցաւ օրուան նիւթը: Ամէն մէկ զեկուցող ներկայացուց նիւթը իր դիտանկիւնէն: Աւարտին, զրուցավարը ամփոփեց ներկայացուած գաղափարները, եւ եզրափակիչ խօսքը փոխանցեց տնօրէնուհին:
Ծնողները մեծ խանդավառութիւն ցուցաբերեցին, շնորհակալութիւն յայտնեցին եւ ցանկութիւն արտայայտեցին յաճախ դպրոց գալու նման հանդիպումներու համար:
