ԲԱՐԵՍԻՐԱԿԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔ

Կազմակերպութեամբ ընկերային ծառայութեան գրասենեակին, Ուրբաթ 19 Դեկտեմբեր 2025-ին, Ճեմարանի տարրական եւ նախակրթարան բաժիններու աշակերտները լծուեցան բարեսիրական աշխատանքի մը:
 
Անոնք իրենց բերած քաղցրաւենիքը զետեղեցին փոքր տոպրակներու մէջ եւ գրեցին սրտաբուխ նամակներ: Այդ ծրարները ուղարկուեցան Այնճարի Հայ Աւետարանական Երկրորդական վարժարանի գիշերօթիկի աշակերտներուն:
 
Այս կապը հաստատելով աշակերտները ուրախացան, որ կրցան ժպիտ մը բերել այդ աշակերտներուն դէմքերուն եւ ցոյց տալ իրենց սէրն ու յարգանքը անոնց հանդէպ: