ՄԱՆԿԱՄՍՈՒՐԻ ԱՌՕՐԵԱՅԷՆ
Յունուար ամսուան ընթացքին մանկամսուրի փոքրիկները ձմրան մթնոլորտը կը վայելեն մանկամսուրէն ներս: Անոնք կ’ամրապնդեն իրենց գիտելիքները դիտելու դասերով, ինչպէս նաեւ զգայարանքի եւ ձեռային աշխատանքներով:
Յունուար ամսուան ընթացքին մանկամսուրի փոքրիկները ձմրան մթնոլորտը կը վայելեն մանկամսուրէն ներս: Անոնք կ’ամրապնդեն իրենց գիտելիքները դիտելու դասերով, ինչպէս նաեւ զգայարանքի եւ ձեռային աշխատանքներով:
Երեքշաբթի, 16 Յունուար 2018-ին, վերապատուելի Հրայր Չոլաքեան (Հայ Աւետ. Ա. Եկեղեցւոյ հովիւ) այցելեց Ճեմարան եւ զրոյց-դասախօսական հանդիպումներ ունեցաւ միջնակարգի Ը. եւ Թ. դասարաններու աշակերտներուն հետ: Ան խօսեցաւ պատանիին պէտքերուն եւ տարիքային տագնապներուն ու վերիվայրումներուն մասին, կեանքի մէջ կատարելիք անոր ընտրութիւններուն, ինչպէս նաեւ մարդկային յարաբերութիւններուն մէջ համացանցի աշխարհին հասցուցած…
Միջնակարգի Է. դասարանի աշակերտները, Դեկտեմբեր ամսուան ընթացքին, անգլերէնի դասապահերուն պատրաստեցին «Նոր Տարին եւ Ս. Ծնունդը աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ» խորագիրով ներկայացումներ: Անոնք հետաքրքրական ձեւով՝ պատկերներով եւ պաստառով, իրենց դասընկերներուն ներկայացուցին զանազան երկիրներու մէջ Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան սովորութիւնները, ինչպէս նաեւ հիւրասիրեցին աւանդական ուտելիք եւ անուշեղէն: Այս աշխատանքին…
Թ. դասարանէն խումբ մը աշակերտներ շարունակեցին Դեկտեմբեր 2017-ին սկսած իրենց բարեսիրական աշխատանքը. անոնք Ուրբաթ, 12 Յունուար 2018-ի երեկոյեան այցելեցին չորս կարիքաւոր ընտանիքներուն: Աշակերտները իրինց հետ տարին ուտելիք, հագուստեղէն եւ հարցուցին անոնց կարիքներուն ու դժուարութիւններուն մասին, որպէսզի յաջորդ ամիս շարունակեն իրենց նպաստը բերել այդ ընտանիքներուն:
Երկուշաբթի, 15 Յունուար 2018-ին, Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան գրասենեակի պատասխանատու Արին Գալուստեան Աւարտական դասարանի աշակերտներուն ներկայացուց հետեւեալ ծրագիրները. -2009-ին հիմնուած Զոհրապ Պոսնոյեան կրթաթոշակի հիմնադրամը, որ համալսարանական կրթաթոշակներ կը յատկացնէ այն աշակերտներուն, որոնք շրջանաւարտներն են Արսլանեան Ճեմարանին եւ որոնք ունին դպրոցական լաւ արդիւնքներ, նկարագրային արժանիքներ եւ միեւնոյն ժամանակ կը կարօտին…
Հինգշաբթի, 11 Յունուար 2018-ին Ճեմարանի 2012-ի շրջանաւարտ Անտրէա Գաժաքժեան երկրորդական բաժինի ԺԱ. եւ ԺԲ. դասարաններու աշակերտներուն խօսեցաւ մասնագիտական ուսման իր փորձառութեան մասին: Լիբանանեան համալսարանին մէջ աւարտելէ ետք ընկերային գիտութիւններու ճիւղը, ան այժմ մասնագիտական ուսումը կը շարունակէ Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանին մէջ: Ան շեշտեց հայրենիքի մէջ ուսանելու առաւելութիւնները եւ խօսեցաւ…
Կազմակերպութեամբ Ընկերային Ծառայութեան գրասենեակին, միջնակարգի Թ. դասարանի աշակերտները իրագործեցին բարեսիրական ծրագիր մը Դեկտեմբեր ամսուան ընթացքին: Ծրագրի գործադրութիւնը ընթացաւ հետեւեալ ձեւով. Ընկերային ծառայողը ցուցմունք տուաւ, եւ աշակերտները լծուեցան աշխատանքի: Անոնք պատրաստեցին նախագիծ մը ու ժրաջան աշխատանք տարին զբօսանքներուն, ազատ պահերուն, նոյնիսկ յետմիջօրէի ժամերու: Աշակերտները Լ.Օ.Խ.-ի ընկերային ծառայութեան գրասենեակէն ստացան…
Հինգշաբթի, 28 Դեկտեմբեր 2017-ին տեղի ունեցաւ «Ազդակ»-ի մանկապատանեկան յաւելուած «Պզտիկ-մզտիկ»-ի կազմակերպած «Անսխալ գրենք» մրցումի մրցանակաբաշխութիւնը «Փիւնիկ» սրահէն ներս: Ճեմարանի մրցանակակիր աշակերտներն են. Դ. դասարանէն՝ Սելին Գիլէճեան (անսխալ), Աւօ Խաչատուրեան, Ալիք Մոմճեան, Լոռի Բակլայեան եւ Հրակ Ծատուրեան (1 սխալ), Սարին Մահտեսեան (2 սխալ): Ե. դասարանէն՝ Լոռի Աւետիս (անսխալ), Արամ…
Երեքշաբթի, 19 Դեկտեմբեր 2017-ին, նախակրթարանի Զ. դասարանի աշակերտները իրենց պատմութեան եւ աշխարհագրութեան ուսուցչուհիին ընկերակցութեամբ այցելեցին Սեն Ժոզէֆ համալսարանի Լիբանանեան Նախապատմութեան Թանգարանը: Աշխարհագրութեան «Նախապատմութեան» դասին ծիրէն ներս այս այցելութիւնը կը միտէր աշակերտներուն աւելի մօտէն ծանօթացնել նախապատմութեան տարբեր հանգրուաններն ու նախամարդուն եղափոխութիւնը: Այցին սկիզբը, թանգարանի անձնակազմը ողջունեց Ճեմարանի փոքրիկ հնագէտները,…
Ուրբաթ, 22 Դեկտեմբեր 2017-ի առաւօտեան տեղի ունեցաւ նախակրթարանի կաղանդի տօնակատարութիւնը: Բոլոր դասարաններէն ներս տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն, ապա Չալեան սրահին մէջ աշակերտները հանդէս եկան արտասանութեամբ, երգով, պարով ու նուագով: Գեղարուեստական յայտագիրին յաջորդեցին ուսուցիչներուն կողմէ պատրաստուած հաճելի խաղերը: Տօնական մթնոլորտը աւարտեցաւ ժամը 11:30-ին:
Ուրբաթ, 22 Դեկտեմբեր 2017-ին, տարրական բաժինի աշակերտները կաղանդը նշեցին Գարագաշեան սրահէն ներս: Գ. դասարանի աշակերտները բեմին վրայ բացայայտեցին իրենց ձիրքերը՝ հիացում պատճառելով իրենց փոքր ընկերներուն: Նախաճաշէն եւ զբօսանքէն ետք, Ա. եւ Բ. դասարաններու աշակերտները խմբական երգերով, արտասանութիւններով եւ պարերով ճոխացուցին մթնոլորտը: Կաղանդ պապան իր մասնակցութիւնը բերաւ բոլոր դասարաններուն…
Կազմակերպութեամբ ընկերային ծառայութեան գրասենեակին, Չորեքշաբթի, 20 Դեկտեմբեր 2017-ին, N. D. U. համալսարանի ընդունման գրասենեակի տնօրէն Ղալէպ Ղանէմ Ժ. դասարանի աշակերտներուն հակիրճ ձեւով ներկայացուց համալսարանի տարբեր մասնագիտութիւնները եւ ընդունման պայմանները: Ան քաջալերեց աշակերտները ընտրելու ժամանակակից մասնագիտութիւններ, որպէսզի նորութիւններ բերուին գործի բոլոր դաշտերուն մէջ: