ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՆԱԽԱՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԹԱՆԳԱՐԱՆ

Երեքշաբթի, 19 Դեկտեմբեր 2017-ին, նախակրթարանի Զ. դասարանի աշակերտները իրենց պատմութեան եւ աշխարհագրութեան ուսուցչուհիին ընկերակցութեամբ այցելեցին Սեն Ժոզէֆ համալսարանի Լիբանանեան Նախապատմութեան Թանգարանը:

Աշխարհագրութեան «Նախապատմութեան» դասին ծիրէն ներս այս այցելութիւնը կը միտէր աշակերտներուն աւելի մօտէն ծանօթացնել նախապատմութեան տարբեր հանգրուաններն ու նախամարդուն եղափոխութիւնը:

Այցին սկիզբը, թանգարանի անձնակազմը ողջունեց Ճեմարանի փոքրիկ հնագէտները, որոնք եկած էին իրենց նախապատմական գիտելիքները ամրապնդելու: Ապա աշակերտները ուղղուեցան դէպի տեսերիզի սենեակը, ուր դիտեցին Լիբանանի նախապատմութեան մասին վաւերագրական ժապաւէն մը: Երկու խումբի բաժնուելէ ետք, անոնք շրջեցան թանգարանի սրահներէն ներս, ուշի ուշով եւ հիացմունքով լսեցին ուղեցոյցներուն բացատրութիւնները եւ ուղղեցին իրենց հարցումները: Անոնք ականատես եղան նախամարդու գանկերու, ինչպէս նաեւ Քարէ Դարէն մնացած կենցաղային եւ որսորդական գործիքներու:

Թանգարանի անձնակազմը տպաւորուած էր աշակերտներուն գիտելիքներով, ինչպէս նաեւ անոնց կարգապահութեամբ եւ համարձակութեամբ: Աշակերտները մեծ գոհունակութեամբ վերադարձան դպրոց: