ԱՐԱԲԵՐԷՆ ԼԵԶՈՒԻ ԳԵՐԱԶԱՆՑԻԿ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒՄ

Կազմակերպութեամբ «Կոկիկեան» Հիմնարկին, այս տարի եւս, Հայկազեան համալսարանի մէջ, տեղի ունեցաւ լիբանանահայ երկրորդական վարժարաններու արաբերէն լեզուի գերազանցիկ աշակերտներու պարգեւատրում: Կը շնորհաւորենք Ճեմարանի մրցանակակիր աշակերտները. Նարօտ Մերտխանեան (Ժ. դասարան), Մհեր Փելթեքեան (ԺԱ. դասարան) եւ Էլի Ապտ Էլ Նուր (2016-2017 տարեշրջանի ԺԲ. դասարան):  

ՏՕՆԱԿԱՆ ՄԹՆՈԼՈՐՏ ՄԱՆԿԱՄՍՈՒՐԷՆ ՆԵՐՍ

Դեկտեմբեր ամսուն, մանկամսուրի փոքրիկները մեծ ուրախութեամբ զարդարեցին տօնածառը, պատրաստեցին կաղանդի զանազան ձեռային աշխատանքներ, ինչպէս նաեւ՝ համեղ կրկնեփուկներ: Փոքրիկները անհամբեր կը սպասեն կաղանդ պապուկին:

ՄԱՆԿԱՄՍՈՒՐԻ ՓՈՔՐԻԿՆԵՐՈՒՆ ԱՅՑԸ ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԵԱՆ

Երեքշաբթի, 19 Դեկտեմբեր 2017-ին մանկամսուրի փոքրիկները պաշտօնական այցելութեամբ ներկայացան Ճեմարանի տնօրէնութեան եւ նուիրեցին իրենց պատրաստած կաղանդի ձեռային աշխատանքը:  Տնօրէնութեան սիրալիր ընդունելութենէն եւ հիւրասիրութենէն ետք, փոքրիկները վերադարձան մանկամսուրի առօրեային:

ՆԱՄԱԿ ԿԱՂԱՆԴ ՊԱՊԱՅԻՆ

Տարրական բաժինի Գ. դասարանի աշակերտները Մ. Իշխանի «Նամակ Կաղանդ Պապային» բանաստեղծութիւնը սորվելէ ետք, շարադրեցին իրենց նամակները, ապա զանոնք զետեղեցին դպրոցին մուտքին գտնուող փոստարկղին մէջ:

«WONDER» ՖԻԼՄԻ ԴԻՏՈՒՄ-ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ

Այս դարու մանկավարժական բազմաթիւ մարտահրաւէրներուն մաս կը կազմեն նախապաշարումները, ընդվզումը եւ բռնադատումը (bullying): Դպրոցը կը փորձէ աշակերտներուն փոխանցել այս վերնագիրները եւ անոնց հետեւանքները՝ տարբեր ձեւերով, ինչպէս՝ դասախօսութիւններ, վիճաբանական ասուլիսներ, կլոր սեղաններ: Այս ծիրէն ներս, Ուրբաթ, 8 Դեկտեմբեր 2017-ին, միջնակարգի Է. եւ Ը. դասարանի աշակերտները դիտեցին «Wonder» ֆիլմը, որ…

ՈՒՍՄԱՆ ԿՈՂՄՆՈՐՈՇՈՒՄ

Կազմակերպութեամբ Ճեմարանի Ընկերային Ծառայութեան Գրասենեակին, 20 Նոյեմբեր եւ 13 Դեկտեմբեր 2017-ին տեղի ունեցան ուսման կողմնորոշման հանդիպումներ ԺԲ. եւ ԺԱ. դասարանի աշակերտներուն հետ: Հայկազեան համալսարանի ընդունման գրասենեակէն Ռուբէն Մարկոսեան խօսեցաւ եւ անհրաժեշտ ցուցմունքներ տուաւ Հայկազեան համալսարան մուտքի պայմաններուն, մասնագիտութիւններուն եւ կրթանպաստի մասին:

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՔՆՆՈՒԹԻՒՆ

Համագործակցութեամբ Գարակէօզեան կեդրոնի եւ հսկողութեամբ Ճեմարանի հիւանդապահուհիին, 20-28 Նոյեմբեր 2017-ին, դպրոցէն ներս տեղի ունեցաւ առողջապահական ընդհանուր քննութիւն մանկապարտէզի, տարրական բաժինի եւ նախակրթարանի աշակերտներուն: Մանկապարտէզի կանաչ դասարանի աշակերտները ուղարկուեցան նաեւ Գարակէօզեան կեդրոն յատուկ մեքենայով ակնաբուժական քննութեան ենթարկուելու(Microscope optique):

ՀՕՄ-Ի ՆՈՐՍԻԿԵԱՆ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ «ՊԶՏԻԿԵԱՆ» ՊԱՐՏԷԶԻ ԲԱՑՈՒՄ

Ուրբաթ, 8 Դեկտեմբեր 2017-ին, ջերմ ու մտերմիկ մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի Նորսիկեան մանկապարտէզի «Պզտիկեան» պարտէզի բացումը: Այս գեղեցիկ իրագործումին առիթով կէսօրուան ժամը 1:00-ին Ճեմարան ժամանեցին բարերարներ՝ Տէր եւ Տիկին Վահան եւ Նորա Պզտիկեան ընկերակցութեամբ Ճեմարանի բարեկամներու եւ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչներու եւ…

ՈՒՍՄԱՆ ԿՈՂՄՆՈՐՈՇՈՒՄ (USJ)

Կազմակերպութեամբ Ճեմարանի Ընկերային Ծառայութեան Գրասենեակին, 29 Նոյեմբեր եւ 7 Դեկտեմբեր 2017-ին, Ֆրանսական Սէն Ժոզէֆ համալսարանի (USJ) ընդունման գրասենեակէն ներկայացուցիչներ ԺԱ. եւ ԺԲ. դասարանի աշակերտներուն ներկայացուցին համալսարանի պատմականը եւ խօսեցան հոն գոյութիւն ունեցող տարբեր մասնագիտութիւններուն եւ ապագային գործի կարելիութիւններուն մասին։

ՈՒՍՄԱՆ ԿՈՂՄՆՈՐՈՇՈՒՄ (L.A.U.)

16 Նոյեմբեր եւ 6 Դեկտեմբեր 2017-ին, L.A.U. համալսարանի ընդունման գրասենեակէն ներկայացաւ Մեղրի Խօշեան եւ երկրորդական բաժինի ԺԲ. եւ ԺԱ. դասարանի աշակերտներուն լուսաբանութիւններ տուաւ համալսարանի տարբեր մասնագիտութիւններուն եւ զեղչի դրութեան, ինչպէս նաեւ՝ զայն աւարտելէ ետք գործի կարելիութիւններուն մասին:

ՍԵՌԱՅԻՆ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ

Հինգշաբթի, 7 Դեկտեմբեր 2017-ին, կազմակերպութեամբ Ընկերային Ծառայութեան Գրասենեակին, տեղի ունեցաւ սեռային դաստիարակութեան դասապահ մը՝ Զ. դասարաններու աշակերտներուն համար։ Մանկաբոյժ Տոքթ. Պերճ Տագէսեան աշակերտներուն խօսեցաւ մարդակազմութեան, երկրորդական սեռային յատկութիւններուն եւ սերնդագործութեան մասին, ապա ան պատասխանեց աշակերտներուն հարցումներուն։ Առիթէն օգտուելով, զբօսանքի դադարին, Է. եւ Ը. դասարանէն խումբ մը աշակերտներ Ընկերային…

ԿԸ ՍՈՐՎԻՆՔ ԴԵՂԻՆ ԳՈՅՆԸ

Նորսիկեան մանկապարտէզի վարդագոյն դասարանի աշակերտները սորվեցան դեղին գոյնը եւ դեղին փուչիկներով տուն վերադարձան: