ՆԱԽԱԿՐԹԱՐԱՆԻ ԿԱՂԱՆԴԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

Ուրբաթ, 22 Դեկտեմբեր 2017-ի առաւօտեան տեղի ունեցաւ նախակրթարանի կաղանդի տօնակատարութիւնը: Բոլոր դասարաններէն ներս տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն, ապա Չալեան սրահին մէջ աշակերտները հանդէս եկան արտասանութեամբ, երգով, պարով ու նուագով:

Գեղարուեստական յայտագիրին յաջորդեցին ուսուցիչներուն կողմէ պատրաստուած հաճելի խաղերը: Տօնական մթնոլորտը աւարտեցաւ ժամը 11:30-ին: