ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԴԻՄԱԿՆԵՐ
Երեքշաբթի, 6 Փետրուար 2018-ին, տարրական բաժինի Բ. դասարանի աշակերտները հայերէն լեզուի դասապահուն պատրաստեցին հայկական դիմակներ:
Երեքշաբթի, 6 Փետրուար 2018-ին, տարրական բաժինի Բ. դասարանի աշակերտները հայերէն լեզուի դասապահուն պատրաստեցին հայկական դիմակներ:
Կիրակի, 4 Փետրուար 2018-ին, Ժամհուր ակումբին մէջ կայացած վուշու քունկ ֆուի Լիբանանի բաժակի մրցումներուն, Ե. դասարանի աշակերտուհի Գլէա Արապաղեան տիրացաւ իր դասակարգի առաջնութեան։ Կը շնորհաւորենք Գլէան եւ նորանոր յաջողութիւններ կը մաղթենք իրեն։
Հինգշաբթի, 25 Յունուար 2018-ին, ընկերային ծառայողը նախակրթարանի Դ. դասարանի աշակերտներուն ներկայացուց «աղբերու զտում եւ վերամշակում» նիւթը: Ան ցոյց տուաւ յատուկ տոպրակներ, որոնցմէ իւրաքանչիւրին մէջ կը զետեղուի թուղթ, կերպընկալ, ապակի, թիթեղ եւ ուտեստեղէն: Աշակերտները անդրադարձան, որ պէտք է նուազեցնել աղբերը, կրկին գործածել որոշ իրեր եթէ կարելի է եւ ամէնէն…
Ձմրան մասին բաւական գիտելիք ստանալէ ետք, մանկամսուրի փոքրիկները ծանօթացան բանջարեղէններու տեսակներուն եւ պատրաստեցին համեղ ապուր մը, ապա միասնաբար ճաշակեցին:
Նորսիկեան մանկապարտէզի վարդագոյն դասարանի աշակերտները իրենց ձեռքերու մկանները զարգացնող ձեռային աշխատանքներ կ’ընեն:
Երեքշաբթի, 23 Յունուար 2018-ին, Ճեմարանի մանկապարտիզպանուհի Թալին Եահնիեան նախակրթարանի Ե. դասարանի աշակերտներուն հետ արծարծեց «10-11 տարեկան պատանին իր ընտանիքին մէջ» նիւթը: Ան խօսեցաւ պատանիին մասին՝ իր ընտանիքին մէջ, դպրոցին մէջ եւ ընկերութեան մէջ առհասարակ. ի՞նչ են անոր պարտաւորութիւնները, իրաւունքները եւ պատասխանատուութիւնները: Աշակերտները մեծ խանդավառութեամբ մասնակցեցան եւ սորվեցան բանաձեւել…
Կազմակերպութեամբ Ժամհուր դպրոցին, Շաբաթ, 20 Յունուար 2018-ին, տեղի ունեցաւ Քրոս Քաունթրիի միջդպրոցական մրցաշարքը: 2003-2004 տարիքային դասակարգին մէջ, Ճեմարանի աշակերտներէն Հրակ Ճինպաշեան 4-րդ դիրքը գրաւեց. Հրակին կողքին կային Արմէն Եղիայեանը եւ Ժագոպ Աճէմեանը, իսկ 2001-2002 դասակարգին մէջ Հրակ Թորոսեան գրաւեց 6-րդ դիրքը. Հրակին կողքին էր նաեւ Արի Աւետիսը:
Մանկամսուրի փոքրիկները սորվեցան կապոյտ գոյնը զանազան խաղերով եւ կապոյտ գոյնով առարկաներ շօշափելով:
Երկուշաբթի, 22 Յունուար 2018-ին, Ճեմարանի շրջանաւարտ Տոքթ. Իշխան Եղիայեան նախակրթարանի Դ. դասարաններու աշակերտներուն ներկայացուց «մարդակազմութիւն, առողջապահութիւն եւ ակռաներու խնամք» նիւթը: Տոքթ. Իշխան խօսեցաւ մարդակազմութեան, առողջ ապրելու, լաւ սննդականոնի եւ ակռաներու խնամքին մասին: Աշակերտները մեծ հետաքրքրութեամբ հետեւեցան եւ ստացան իրենց հարցումներուն լուսաբանութիւնները:
Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ նախակրթարանի Դ. դասարանի աշակերտ Հրակ Ծատուրեան Խորհրդային Միութեան Շրջանաւարտներու ակումբին կազմակերպած ճատրակի մրցաշարքին հանդիսացաւ երկրորդ՝ 10 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ: Նոյն մարզաձեւին մէջ, յաջողութիւն կը մաղթենք միջնակարգի Ը. դասարանի աշակերտ Հրակ Լախեանին, որ 14 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ Լիբանանը պիտի ներկայացնէ արաբական երկիրներու ճատրակի…
Չորեքշաբթի, 17 Յունուար 2018-ին, Նորսիկեան մանկապարտէզի վարդագոյն դասարանի աշակերտները միասնաբար ճաշակեցին իրենց պատրաստած տաք թէյը՝ կսկուծով:
Նախակրթարանի Դ. դասարանի աշակերտները արաբերէն լեզուով քաղաքի մասին իրենց ընթերցանութեան դասին ընթացքին բաւական գիտելիք եւ բառամթերք ամրապնդելէ ետք, խոյզեր կատարեցին ու ձեռային աշխատանքներով եւ նկարներով ներկայացուցին անցեալի եւ արդի քաղաքը, նշելով անոնց տարբերութիւնները՝ բարձր շէնքեր, լայն ու խճողուած պողոտաներ, եւայլն։