ՏԱՐՐԱԿԱՆ ԲԱԺԻՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒՆ ԿԱՂԱՆԴԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

Ուրբաթ, 22 Դեկտեմբեր 2017-ին, տարրական բաժինի աշակերտները կաղանդը նշեցին Գարագաշեան սրահէն ներս:

Գ. դասարանի աշակերտները բեմին վրայ բացայայտեցին իրենց ձիրքերը՝ հիացում պատճառելով իրենց փոքր ընկերներուն:

Նախաճաշէն եւ զբօսանքէն ետք, Ա. եւ Բ. դասարաններու աշակերտները խմբական երգերով, արտասանութիւններով եւ պարերով ճոխացուցին մթնոլորտը: Կաղանդ պապան իր մասնակցութիւնը բերաւ բոլոր դասարաններուն շուրջպարերուն: Փոքրիկները նուէրներով տուն վերադարձան:

Շնորհաւոր Նոր Տարի եւ Ս. Ծնունդ բոլորին: