ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏ ԱՆՏՐԷԱ ԳԱԺԱԳԺԵԱՆ ԿԸ ՊԱՏՄԷ ԻՐ ՓՈՐՁԱՌՈՒԹԻՒՆԸ

Հինգշաբթի, 11 Յունուար 2018-ին Ճեմարանի 2012-ի շրջանաւարտ Անտրէա Գաժաքժեան երկրորդական բաժինի ԺԱ. եւ ԺԲ. դասարաններու աշակերտներուն խօսեցաւ մասնագիտական ուսման իր փորձառութեան մասին:

Լիբանանեան համալսարանին մէջ աւարտելէ ետք ընկերային գիտութիւններու ճիւղը, ան այժմ մասնագիտական ուսումը կը շարունակէ Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանին մէջ: Ան շեշտեց հայրենիքի մէջ ուսանելու առաւելութիւնները եւ խօսեցաւ հայաստանցի ուսանողութեան հետ հաստատած իր ջերմ կապերուն մասին:

Անտրէան խրախուսեց աշակերտները, որպէսզի իրենք եւս իրենց բարձրագոյն ուսումը ստանան Հայաստանի մէջ: