ԲԱՐԵՍԻՐԱԿԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԹԻՒՆ

Թ. դասարանէն խումբ մը աշակերտներ շարունակեցին Դեկտեմբեր 2017-ին սկսած իրենց բարեսիրական աշխատանքը. անոնք Ուրբաթ, 12 Յունուար 2018-ի երեկոյեան այցելեցին չորս կարիքաւոր ընտանիքներուն:

Աշակերտները իրինց հետ տարին ուտելիք, հագուստեղէն եւ հարցուցին անոնց կարիքներուն ու դժուարութիւններուն մասին, որպէսզի յաջորդ ամիս շարունակեն իրենց նպաստը բերել այդ ընտանիքներուն: