ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆԻ ՆՇՈՒՄԸ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԷՆ ՆԵՐՍ
Չորեքշաբթի, 27 Փետրուար 2019-ին, Մանկապարտէզի աշակերտները տօնեցին Բարեկենդանի տօնը: Ծպտուած փոքրիկները երգեցին, պարեցին ու կերան կարկանդակ:
Չորեքշաբթի, 27 Փետրուար 2019-ին, Մանկապարտէզի աշակերտները տօնեցին Բարեկենդանի տօնը: Ծպտուած փոքրիկները երգեցին, պարեցին ու կերան կարկանդակ:
Երեքշաբթի, 26 Փետրուար 2019-ին, Մանկապարտէզէն ներս տեղի ունեցաւ Վարդանանց տօնակատարութիւնը: Աշակերտները երգեցին հայրենասիրական երգեր, արտասանեցին Վարդանի նուիրուած արտասանութիւններ, ինչպէս նաեւ սուրերով տողանցեցին Մանկապարտէզի բակէն ներս:
Երեքշաբթի, 26 Փետրուար 2019-ին, Մանկապարտէզ այցելեց խամաճիկը, որ փոքրիկները զուարճացուց փուչիկներով եւ զանազան խաղերով, ինչպէս նաեւ՝ ծիծաղելի շարժումներով: Երեխաները մեծ ուրախութեամբ եւ ծափերով դիտեցին եւ վայելեցին հտպիտը:
Հինգշաբթի, 21 Փետրուար 2019-ին, մանկական գրականութեան հեղինակ՝ ճեմարանաւարտ Յասմիկ Շահինեան հանդիպում-զրոյց մը ունեցաւ Նախակրթարանի Ե. դասարանի աշակերտներուն հետ: Պէտք է նշել, որ աշակերտները ամառնային արձակուրդին կարդացած էին անոր հեղինակած «Այն օրը, երբ…» գիրքը, իսկ ոմանք ալ՝ «Թէ ինչպէս»ը: Շահինեան աշակերտներուն ներկայացուց «Այն օրը, երբ» գիրքը, խօսեցաւ անոր պատրաստութեան…
16, 17, 23 եւ 24 Փետրուար 2019-ին, Իսլամական Մշակութային Դպրոցէն ներս տեղի ունեցան Լիբանանի ճատրակի տարիքային անհատական ախոյեանութեան մրցումները: Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ 8 տարեկան եւ վար դասակարգին մէջ, ճեմարանական Նարեկ Բակլայեան (Բ. դասարան) հանդիսացաւ երրորդ՝ 13 մասնակիցներու ընդմէջէն: Կը շնորհաւորենք Նարեկը՝ անոր մաղթելով յաջողութիւն եւ նորանոր յաղթանակներ:
Հինգշաբթի, 21 Փետրուար 2019-ին, մանկական գրականութեան հեղինակ Յասմիկ Շահինեան այցելեց Մանկապարտէզ, որուն նորաբաց գրադարանէն ներս հանդիպում մը ունեցաւ կանաչ դասարանի աշակերտներուն հետ: Ան փոքրիկներուն պատմեց «Նշանս» պատմութիւնը եւ աւարտին, գիրքը նուիրեց գրադարանին:
Նոյեմբեր ամսուն, Ճեմարանէն ներս սկիզբ առաւ պատկերաւոր ուղղագրութեան մրցանքը (concours d’orthographe illustrée), որ նախատեսուած էր Նախակրթարանի Ե. դասարանի աշակերտներուն համար: Աշակերտներէն պահանջուած էր ֆրանսերէն լեզուի բառ մը արտայայտել պատկերաւոր ոճով: Երկուշաբթի, 18 Փետուարին 2019-ին յայտարարուեցան մրցանակակիրներուն անունները՝ Շուշի Գասապեան, Սելին Գիլէճեան, Զուլալ Պեզճեան, Սարին Մահտեսեան, Քրիսթինա Քիլիսլեան եւ…
Հինգշաբթի, 7 Փետրուար 2019-ին, Մանկապարտէզի Կանաչ դասարանի աշակերտները այցելեցին ատաղձագործարան մը, ուր դիտեցին գործարանը եւ զանազան գործիքները: Գործատէրը երեխաներուն ներկայութեան պատրաստեց գրադարան մը, զոր նուիրեց Մանկապարտէզին:
Շաբաթ, 2 Փետրուար 2019-ին տեղի ունեցաւ Սէն Ժոզէֆ Համալսարանի (USJ) կազմակերպած միջդպրոցական փինկ փոնկի մրցաշարքը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին 4 ճեմարանականներ՝ Լորի Եահնիեան, Արտակ Ասատուրեան, Արմէն Եղիայեան եւ Անթոնի Գաբրիէլեան: Մրցաշարքին մետալակիր դարձաւ Արտակ Ասատուրեան (Թ. դասարան), որ իր տարիքային դասաւորման մէջ հանդիսացաւ երրորդ: Կը շնորհաւորենք Արտակը՝ անոր…
«Արհեստներ եւ արուեստներ» նիւթի ծիրէն ներս, Ուրբաթ, 1 Փետրուար 2019-ին, Մանկապարտէզ այցելեցին կանաչ դասարանի աշակերտներուն հայրերը, որոնք երեխաներուն բացատրեցին իրենց գործը: Անոնք բերած էին իրենց գործին վերաբերող իրեր, նկարներ, ինչպէս նաեւ՝ հիւրասիրութիւններ: Իւրաքանչիւր հայր, մեծ խանդավառութեամբ, տաքուկ ու ջերմ մթնոլորտի մը մէջ, ներկայացուց իր գործը:
«Արհեստներ եւ արուեստներ» նիւթի ծիրէն ներս, Չորեքշաբթի, 30 Յունուար 2019-ին, Օրդ. Նայիրա Պաղտասարեան Մանկապարտէզի կանաչ դասարանի աշակերտներուն խօսեցաւ մանկական ժապաւէններու պատրաստութեան մասին: Ան փոքրիկներուն ներկայացուց ժապաւէնի մը պատրաստութիւնը իրականացնող անձնակազմի իւրաքանչիւր անդամին դերը եւ բացատրեց աշխատանքի զանազան հանգրուանները:
Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւնը Պոլսոյ հայ համայնքին հետ իր կապերը կը շարունակէ. 2018 Նոյեմբեր ամսուան ընթացքին Կեդրոնական Վարչութեան գրասենեակի պատասխանատու՝ Արին Գալուստեան այցելեց Պոլիս եւ կարգ մը հանդիպումներ ունեցաւ զանազան վարժարաններու, թերթերու եւ հաստատութիւններու պատասխանատուներու հետ։ Համազգայինի երիտասարդական եւ մանկական ծրագիրները ներկայացուեցան Պոլսոյ մէջ, եւ գործակցութեան կարելիութիւնները ամրապնդուեցան։ Այս…