ՓԻՆԿ ՓՈՆԿԻ ՄԻՋԴՊՐՈՑԱԿԱՆ ՄՐՑԱՇԱՐՔ. ԱՐՏԱԿ ԱՍԱՏՈՒՐԵԱՆ՝ ԵՐՐՈՐԴ

Շաբաթ, 2 Փետրուար 2019-ին տեղի ունեցաւ Սէն Ժոզէֆ Համալսարանի (USJ) կազմակերպած միջդպրոցական փինկ փոնկի մրցաշարքը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին 4 ճեմարանականներ՝ Լորի Եահնիեան, Արտակ Ասատուրեան, Արմէն Եղիայեան եւ Անթոնի Գաբրիէլեան: Մրցաշարքին մետալակիր դարձաւ Արտակ Ասատուրեան (Թ. դասարան), որ իր տարիքային դասաւորման մէջ հանդիսացաւ երրորդ: 

Կը շնորհաւորենք Արտակը՝ անոր մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ: