ՊՈԼՍԱՀԱՅ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ՃԵՄԱՐԱՆ

Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւնը Պոլսոյ հայ համայնքին հետ իր կապերը կը շարունակէ. 2018 Նոյեմբեր ամսուան ընթացքին Կեդրոնական Վարչութեան գրասենեակի պատասխանատու՝ Արին Գալուստեան այցելեց Պոլիս եւ կարգ մը հանդիպումներ ունեցաւ զանազան վարժարաններու, թերթերու եւ հաստատութիւններու պատասխանատուներու հետ։ Համազգայինի երիտասարդական եւ մանկական ծրագիրները ներկայացուեցան Պոլսոյ մէջ, եւ գործակցութեան կարելիութիւնները ամրապնդուեցան։

Այս հանդիպումներու ծիրէն ներս 21-25 Յունուար, 2019-ին, Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանէն երկու ուսուցիչներ՝ Ժերմէն Գանթարճըօղլու եւ Դալար Քէօսէօղլու, այցելեցին Պէյրութ եւ հինգ օրերու ընթացքին շրջեցան Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի բոլոր բաժանմունքները, ծանօթացան հայերէն լեզուի ծրագրին, դասաւանդման մեթոտներուն, օգտագործուած դասագիրքերուն եւ ուսուցիչներու հետ շփման մէջ մտան։ Անոնք դասարաններ մտնելով հանդիպումներ ունեցան նաեւ աշակերտներուն հետ։ Կէսօրէ ետք եւ երեկոյեան ժամերուն առիթը ունեցան Ճեմարանի ուսուցիչներու ընկերակցութեամբ այցելելու լիբանանահայ կեդրոններ եւ Լիբանանի տեսարժան վայրեր։

Կը հաւատանք, որ փոխադարձ այցելութիւնները զիրար հարստացնող եւ գօտեպնդող ազդակներ են. անոնք յաճախ պէտք է տեղի ունենան  հայկական գաղութներու միջեւ։

Յայտնենք նաեւ, որ Պոլիսէն երկու երիտասարդներ դիմած են մասնակցելու  Համազգայինի հայերէնի ուսուցիչ եւ տնօրէն պատրաստելու ծանօթ ծրագիրներուն:

Պոլսոյ հայկական գաղութը իր բոլոր հաստատութիւններով եւ հայկական վարժարաններով միշտ ալ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան աշխատանքի ծիրէն ներս իր կարեւոր բաժինը ունեցած է վերջին տարիներուն. կը յուսանք, որ ապագային այս կապերը աւելի՛ կ՛ամրապնդուին, եւ գործնական աշխատանքները կը շարունակուին։