ՄԱՆԿԱՎԱՐԺԱԿԱՆ ՎԵՐԱՈՐԱԿԱՒՈՐՄԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՈՑ

Կազմակերպութեամբ Ճեմարանի տնօրէնութեան, մանկավարժական եւ վերաորակաւորման աշխատանոցներու ծիրին մէջ, Երեքշաբթի 15 եւ Հինգշաբթի 17 Սեպտեմբեր 2026-ին, մանկապարտէզի, տարրական, նախակրթարան եւ միջնակարգ բաժիններու ուսուցիչներուն մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ «AI training-Practical tools for teaching, assessment and classroom innovation» նիւթով աշխատանոց մը, Պոլեան սրահէն ներս: Հայկազեան համալսարանի դասախօս դոկտ. Շանթ Ստեփան մանրամասն…

ՃԵՄԱՐԱՆԻ ԱՆՁՆԱԿԱԶՄԻ ՎԵՐԱՄՈՒՏԻ ՀԱՒԱՔ ԵՒ ՄԱՆԿԱՎԱՐԺԱԿԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՈՑ

Ուրբաթ, 11 Սեպտեմբեր 2026-ին տեղի ունեցաւ Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի անձնակազմի վերամուտի հաւաքը, «Պոլեան» սրահին մէջ: Ճեմարանի տնօրէն Փաուլա Եղիայեան ժողովի բացման խօսքին մէջ կրկին անգամ շեշտեց Ճեմարանի «մեծ ընտանիք» հասկացողութեամբ գործելաոճի կարեւորութիւնը յանուն կրթական առաքելութեան յաջողութեան եւ մէջբերեց Լեւոն Շանթի հետեւեալ խօսքը. «Դպրոցական գործի հիմն…

100 ԱՌ 100 ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆ ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ ՊԱՔԱԼՈՐԷԱՅԻ ՔՆՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ, 75 ԱՌ 100՝ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի տնօրէնութիւնը ուրախութեամբ կը յայտնէ, որ 2025-2026 տարեշրջանի աւարտական դասարանի ֆրանսական պաքալորէայի քննութիւններուն ներկայացած 32 աշակերտները յաջողած են (100 առ հարիւր): 24 աշակերտներ արժանացան յիշատակութեան (4 շատ լաւ, 12 լաւ, 8 բաւական լաւ): Ստորեւ աշակերտներուն անուանացանկը. Ատուրեան Կայէլ (լաւ), Արբաճեան Հրակ, Աքօղլանեան (Ճերմակեան)…

ԺԲ. ԱՒԱՐՏԱԿԱՆ ԴԱՍԱՐԱՆԻ ՎԿԱՅԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԲԱՇԽՄԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ

Հինգշաբթի, 25 Յունիս 2026-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան    Ճեմարանի «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» մարզամշակութային սրահին մէջ  տեղի ունեցաւ ԺԲ. աւարտական դասարանի վկայականներու բաշխման հանդիսութիւնը, ներկայութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Շահէ Արքեպիսկոպոս Փանոսեանի, պետական դէմքերու, քաղաքապետութիւններու, քաղաքական կուսակցութիւններու, մարմիններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներու, հայկական վարժարաններու…

ՀՕՄ-Ի ՆՈՐՍԻԿԵԱՆ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ ԱՄԱՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԷՍ

Երեքշաբթի, 23 Յունիս 2026-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ ՀՕՄ-ի Նորսիկեան Մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսը, ներկայութեամբ Ճեմարանի անձնակազմին, Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան, Ճեմարանի խնամակալութեան, ծնողներու, բարեկամներու եւ շրջանաւարտներու: Հանդէսը սկսաւ կանաչ դասարաններու տեսերիզով, ուր փոքրիկները ներկայացուցին մանկապարտէզը եւ իրենց…

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ Ռ. ԵՒ Ա. ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ ՄԱՆԿԱՄՍՈՒՐԻ ԱՄԱՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԷՍ

Ուրախութեամբ, հպարտութեամբ եւ մանկական անմեղ ժպիտներու գեղեցիկ մթնոլորտի մէջ, Ուրբաթ 19 Յունիս 2026-ի երեկոյեան ժամը 7:00- ին Համազգայինի Ռ. եւ Ա. Արսլանեան մանկամսուրի բակէն ներս տեղի ունեցաւ մանկամսուրի ամավերջի հանդէսը: Հանդէսին իրենց մասնակցութիւնը բերին նապիկ դասարանի 38 փոքրիկները, որոնք երգերով ու պարերով ներկայացուցին տարուան ընթացքին իրենց սորված ու…

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ

Երկուշաբթի, 15 Յունիս 2026-ին, աւարտական դասարանի աշակերտները Ճեմարանի ընկերային ծառայողներուն ընկերակցութեամբ այցելեցին Ազգային Առաջնորդարան եւ հանդիպում ունեցան Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ․ Տ․ Շահէ Արք․ Փանոսեանին հետ, որ ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց Թեմի գործունէութիւնը եւ զրուցեց աշակերտներուն հետ։ Աշակերտները իրենց հանդէսի հրաւէրը յանձնեցին Առաջնորդ Սրբազանին, ապա Առաջնորդարանի դիւանապետ…

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ Մ. ԵՒ Հ. ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ ՃԵՄԱՐԱՆԸ ԿԸ ՍՏԱՆԱՅ ԳՆԱՀԱՏԱՆՔԻ ԵՒ ՊԱՏՈՒՈՅ ՅՈՒՇԱՆՈՒԷՐ

2025-2026 տարեշրջանին Լիբանանի 150 դպրոցներ, որոնց շարքին՝ հինգ հայկական վարժարաններ, ընտրուեցան մասնակցելու Լիբանանի Առաջին տիկնոջ «Քաղաքացիութեան դպրոցը» նախաձեռնութեան, փորձառական անդրանիկ տարեշրջանի մը համար: Այս ծրագիրին նպատակն է դպրոցներէն ներս զարկ տալ քաղաքացիական գիտակցութեան եւ պատկանելիութեան: Տարուան ընթացքին Ճեմարանի տնօրէնուհին եւ երկու ուսուցչուհիներ մասնակցեցան նախապատրաստական յատուկ աշխատանոցներու: Ապա տարբեր…

«ՃԻՇԴ ՀՆՉԵՆՔ» ՄՐՑՈՒՄ ԿԷՐԻ ԹԱՀՄԻԶԵԱՆ՝ ԱՌԱՋԻՆ, ՍՕՍԷ ՍԵՓԷԹՃԵԱՆ՝ ԵՐՐՈՐԴ

Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ «Վանայ Ձայն»-ի «Ճիշդ Հնչենք» աշակերտական մրցումին Ճեմարանի Է. դասարանի աշակերտ Կէրի Թահմիզեան հանդիսացաւ առաջին, իսկ Զ. դասարանէն Սօսէ Սեփէթճեան՝ երրորդ: Մասնակցող աշակերտները ստացան հաստատագիր։

ԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ՓԱՌԱՏՕՆ

Տարրական եւ նախակրթարան բաժիններու աշակերտները ցուցադրեցին իրենց գիտական աշխատանքները, որոնք պատրաստուած էին ամբողջ տարուան ընթացքին իրենց ուսուցիչներուն հսկողութեամբ։

ԳՈՒՆԱՒՈՐ ՊԱՍՏԱՌՆԵՐ՝ ԸՆԴԴԷՄ ԹՈՒԱՅԻՆ ՄՈԼՈՒԹԵԱՆ

Այսօր, համացանցը, ընկերային ցանցերն ու առցանց խաղերը դարձած են մեր առօրեային անբաժան մասը։ Սակայն, երբեմն այդ կապուածութիւնը կը վերածուի մոլութեան (addiction)՝ խլելով մեր ժամանակը, քունն ու կեդրոնացումը։ Այս վտանգին դէմ արթնութիւն ստեղծելու համար, Ը. դասարանի ֆրանսական ծրագիրին հետեւող  չորս աշակերտները Քաղաքացիական Դաստիարակութեան (EMC) դասընթացքի ընդմէջէն խորացան այս նիւթին…

ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ

Ուրբաթ, 12 Յունիս 2026-ին, տեղի ունեցաւ տարրական եւ նախակրթարան բաժիններու աշակերտներուն տարեվերջի ցուցահանդէսը, որուն ընթացքին ցուցադրուեցան ուսուցիչներուն հսկողութեամբ աշակերտներուն պատրաստած գիտական, աշխարհագրական, ձեռային եւ նկարչական ստեղծագործութիւնները։