ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ Մ. ԵՒ Հ. ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ ՃԵՄԱՐԱՆԸ ԿԸ ՍՏԱՆԱՅ ԳՆԱՀԱՏԱՆՔԻ ԵՒ ՊԱՏՈՒՈՅ ՅՈՒՇԱՆՈՒԷՐ

2025-2026 տարեշրջանին Լիբանանի 150 դպրոցներ, որոնց շարքին՝ հինգ հայկական վարժարաններ, ընտրուեցան մասնակցելու Լիբանանի Առաջին տիկնոջ «Քաղաքացիութեան դպրոցը» նախաձեռնութեան, փորձառական անդրանիկ տարեշրջանի մը համար:

Այս ծրագիրին նպատակն է դպրոցներէն ներս զարկ տալ քաղաքացիական գիտակցութեան եւ պատկանելիութեան: Տարուան ընթացքին Ճեմարանի տնօրէնուհին եւ երկու ուսուցչուհիներ մասնակցեցան նախապատրաստական յատուկ աշխատանոցներու: Ապա տարբեր աշխատանքներու ընդմէջէն ծրագիրը գործադրութեան դրուեցաւ դպրոցէն ներս:

«Քաղաքացիութեան դպրոցը» ծրագիրին այս տարուան աշխատանքներուն փակումը կատարուեցաւ Հինգշաբթի 18 Յունիս 2026-ին, Պաապտայի նախագահական պալատին մէջ, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Լիբանանի Առաջին տիկին Նեհմաթ Աունի, շնորհակալութիւն յայտնելու կատարուած աշխատանքներուն եւ համագործակցութեան համար: Աւարտին, գնահատանքի եւ պատուոյ յուշանուէրներ յանձնուեցան բոլոր տնօրէններուն: