ԺԲ. ԱՒԱՐՏԱԿԱՆ ԴԱՍԱՐԱՆԻ ՎԿԱՅԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԲԱՇԽՄԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ

Հինգշաբթի, 25 Յունիս 2026-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան    Ճեմարանի «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» մարզամշակութային սրահին մէջ  տեղի ունեցաւ ԺԲ. աւարտական դասարանի վկայականներու բաշխման հանդիսութիւնը, ներկայութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Շահէ Արքեպիսկոպոս Փանոսեանի, պետական դէմքերու, քաղաքապետութիւններու, քաղաքական կուսակցութիւններու, մարմիններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներու, հայկական վարժարաններու տնօրէններու, Ճեմարանի ծնողներուն, շրջանաւարտներուն, դպրոցի բարեկամներուն, անձնակազմին, տնօրէնութեան, խնամակալութեան ու Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան:

Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, ներկաները բուռն ծափահարութիւններով ողջունեցին շրջանաւարտները, որոնք հանդիսաւոր կերպով մուտք գործեցին սրահ:

Հանդէսը սկսաւ Կայէլ Ատուրեանի «Աչքդ գոցէ բաց» սրտի խօսքով, որուն ընկերակցեցաւ Լիզա Ժագմագեան նշանի լեզուով: Ապա Քրիսթել Մինասեան հանդէս եկաւ «Տարիները անցան» դաշնամուրի գեղեցիկ նուագով, որմէ ետք աւարտական դասարանի աշակերտները խնդրեցին իրենց ծնողներէն ոտքի կանգնիլ, եւ իւրաքանչիւրը ծաղիկ նուիրեց իր ծնողքին:  ԺԱ. դասարանին կողմէ ողջերթի ուղերձը ընթերցեց Մեղրի Գասապեան: Ան իր խօսքը աւարտեց ըսելով. «Մեր դպրոցին վերջին յարկը պարզապէս կամուրջ մըն է, որուն սկիզբն է Ճեմարանը, իսկ աւարտը՝ ապագան: Դուք այս կամուրջին վրայէն անցաք ամբողջ տարուան ընթացքին, եւ հիմա հասաք անոր աւարտին՝ ձեր հայեացքները ուղղելով դէպի նորանոր փորձառութիւններ, նոր յիշատակներ եւ նոր ընկերութիւններ՝ մէկ խօսքով, դէպի փայլուն ապագայ, որուն մէջ բարձր դիրքեր նուաճելու համար ձեր զէնքերէն մէկը պիտի ըլլայ Ճեմարանի մէջ ձեր սորված արժէքներուն ամբողջութիւնը: 11-րդ դասարանի աշակերտներս ձեզի կը մաղթենք բարի երթ եւ կանաչ ճանապարհ: Չմոռնամ ըսելու՝ մի՛ մոռնաք երբեմն կամուրջին այս կողմը վերադառնալու եւ մեզի այցելելու»: Գեղարուեստական յայտագիրը շարունակուեցաւ Հրակ Արբաճեանի «Fantaisie impromptu» (Chopin) նուագի բարձրորակ կատարումով: Այնուհետեւ աւարտական դասարանի ուղերձը ընթերցեցին Լոռի Բակլայեան եւ Արի Չափարեան: Լոռի Բակլայեան ըսաւ. «Երբ դպրոցէն դուրս խօսիմ Ճեմարանի մասին, կը զարմանան, թէ ի՛նչպէս այսպիսի սիրելի կապ մը ունիմ դպրոցիս հետ: Շատեր չեն հասկնար… անշուշտ թէ դժուար է հասկնալը, երբ մէկը չէ ապրած այս պատկանելիութիւնը… Ճեմարա՛ ն, դո՛ւն եղար ամէնէն մեծ յուզումն ու ջերմ փաթթուկը: Ճեմարանը աւարտելը անբացատրելի երախտապարտութիւն մըն է: Շնորհակալ եմ այս բոլոր տարիներուն, ցը՜ Ճեմարան»: Իսկ Արի Չափարեան աւարտեց ըսելով. «…Ո՜ւր ալ գտնուինք՝ Ճեմարանը կ՚ապրի մեր մէջ։ Կ’ապրի, երբ կը շարունակենք աշխատիլ յանուն ազգային հաւաքական մեր նպատակներուն իրագործման: Կ’ապրի, երբ մեր առաջնահերթութիւնը կ’ըլլայ պահպանել եւ տէր կանգնիլ մեր մայրենիին,  հայ մշակոյթին եւ անշուշտ մեր ազգային խորհրդանիշներուն՝ մանաւանդ Արարատի՛ն»: Ուղերձէն ետք աւարտական դասարանի աշակերտները հանդէս եկան «Ճեմարանը մենք ենք» խմբերգով: Այնուհետեւ Սարին Մահտեսեան տպաւորիչ ոճով ասմունքեց Ռ. Քիփլինկի «Եթէ» բանաստեղծութիւնը, որուն ընկերակցեցաւ Սելին Գիլէճեան «Էլեկիա» նուագի հմայիչ կատարումով: Մարգրիտ Ղազարեանի դիւթիչ ձայնով «Կենացդ Արարատ» երգը, ընկերակցութեամբ խումբ մը դասընկերներու, խորապէս յուզեց ներկաները, որոնք Արարատը տեսան ոչ միայն Ճեմարանի բեմական յարդարումին գագաթը բազմած, այլեւ՝ իւրաքանչիւր ճեմարանականի հոգւոյն խորը մխրճուած: Երգեցողութեան ժամանակ ցուցադրուեցան Ճեմարանի նախորդ երեք տարիներու յատկանշական աշխատանքներէն՝ Արցախի օրը, Արարատի օրը եւ Հայաստանագնացութիւնը: Հետաքրքրական էր «Մենք՝ 12 տարիներ առաջ» տեսերիզի ցուցադրութիւնը, ուր մանկապարտէզի իրենց հանդէսի աւարտին, շրջանաւարտները Արա Գէորգեանի «Լեռնապար»ը ներկայացուցած էին նուագախումբով: Ապա «Մենք՝ հիմա» գրութենէն ետք, Կայէլ Ատուրեան, Լոռի Բակլայեան, Շուշի Գասապեան, Մէյրի Թահմիզեան, Վիքի Կիրակոսեան, Նանօր Մարկոսեան, Օրօր Մարկոսեան, Քրիսթել Մինասեան, Արազ Միսիսեան, Ալիք Քէշիշեան, Քրիսթինա Քիլիսլեան եւ Նարեկ Չերքէզեան հրապուրեցին ներկաները ա՛յս անգամ պարելով Արա Գէորգեանի «Լեռնապար»ը: Հանդէսի գեղարուեստական յայտագիրին աւարտին ցոցադրուեցաւ աւարտական դասարանի տեսերիզը, որ կը ներկայացնէր աշակերտներուն առօրեայէն պատկերներ, մտերմիկ պահեր եւ իրենց ստորագրութիւնները կրող իւրայատուկ ցուցանակներ:

Ճեմարանի տնօրէն Փաուլա Եղիայեան բեմ բարձրացաւ մրցանակաբաշխութեան համար:

Շուշի Գասապեան արժանացաւ Աւարտական դասարանի բարձրագոյն միջին ապահովողի «Մարք Արտալճեան» մրցանակին: Աւետիս Միքայէլեան արժանացաւ Աւարտական դասարանի ուսողութեան բարձրագոյն միջին ապահովողի «Զաւէն Գույումճեան» մրցանակին: Աւարտական դասարանի ընկերաբանութեան-տնտեսագիտութեան բարձրագոյն միջին ապահովողի «Կարօ Գաբլանեան» մրցանակը ստացան Սեպուհ Մաթոսեան եւ Վայք Պորոյեան: Աւարտական դասարաններու  հայերէնի լաւագոյն աշխատանքի «Սօսի յիշատակի ֆոնտ»ի մրցանակին արժանացան Մարգրիտ Ղազարեան եւ Սարին Մահտեսեան: Աւարտական դասարանի անգլերէն լեզուի ու գրականութեան Անթուան Քեհեայեանի «Սըր»-ի յիշատակի մրցանակը ստացան Ալիք Քէշիշեան եւ Օրօր Մարկոսեան: Գերազանց արդիւնք ապահովողի ու միաժամանակ հասարակական գործունէութիւն ունեցողի «Արշաւիր եւ Հերմինէ Յովսէփեան» մրցանակները ստացան Շուշի Գասապեան եւ Վայք Պորոյեան: Երկրորդական դասարաններու մէջ հայերէնագիտական նիւթերու բարձրագոյն միջին ապահովողի Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան կողմէ տրամադրուած Ֆորումի մասնակցութեան մրցանակին արժանացաւ Սելին Գիլէճեան: ԺԲ. դասարանի Ջահակիրի պատրաստութեան լաւագոյն մասնակցութիւն բերած աշակերտի մրցանակին արժանացան Սելին Գիլէճեան եւ Լոռի Բակլայեան: ԺԲ. դասարանի խանդավառ եւ ընկերասէր աշակերտի «Վիգէն Աղասարգիսեան» մրցանակին արժանացաւ Մէյրի Թահմիզեան: ԺԲ. դասարանի ծառայասէր եւ հոգատար աշակերտի «Սերոբ Աֆարեան» մրցանակը ստացան Գորիս Թաշճեան եւ Սիփան Թաշճեան: ԺԲ. դասարանի յարատեւող աշակերտի «Կարէն Խիւտավերտեան» մրցանակին արժանացաւ Լիզա Ժագմագեան: ԺԲ. դասարանի վեհանձն աշակերտի «Սանան Մահսերեճեան» մրցանակը ստացաւ Մարգրիտ Ղազարեան: ԺԲ. դասարանի արուեստի «Յակոբ Գալայճեան» մրցանակին արժանացան Քրիսթել Մինասեան եւ Արազ Միսիսեան: Տիպար մարզիկի եւ տիպար մարզիկուհիի «Վարդգէս եւ Լուսին Ծատուրեան» մրցանակները ստացան Զուլալ Պեզճեան, Ալիք Քէշիշեան, Վահագն Զարմէնեան եւ Կի Խանճեան: Ժ. դասարանի հայերէնագիտական նիւթերու շատ լաւ աշխատանքի եւ միութենական կեանքի մէջ աշխոյժ մասնակցութիւն ու ներդրում ունեցողի «Նժդեհ Մերտխանեան» մրցանակը ստացաւ Լիմ Լիպարեան: Երկրորդական բաժինի ճարտասանութեան «Զարուհի Գունտաքճեան Գայայեան» մրցանակին արժանացաւ Վիքի Կիրակոսեան: Թ. դասարանի արաբերէնի լաւագոյն արդիւնք ապահովողի «Սօսէ Սեփեթճեան» եւ միջնակարգի գիտական նիւթերու լաւագոյն արդիւնք ապահովողի «Կարպիս Մելքոնեան» մրցանակներուն արժանացաւ Նարեկ Շիրէճեան: Է. դասարանի ֆրանսերէնի լաւագոյն արդիւնք ապահովողի «Արտա Պէքէրէճեան» մրցանակը ստացան Մարի Լին Ժաքմաքեան եւ Կէրի Թահմիզեան: Նախակրթարանի մէջ հայերէնագիտական նիւթերու լաւագոյն արդիւնք ապահովողի «Սօսի Մաւիսաքալեան»  մրցանակին արժանացաւ Քամի Աշգարեան:

Մրցանակաբաշխութեան աւարտին,  Փաուլա Եղիայեան շնորհակալութիւն յայտնեց այս մրցանակները փոխանցող Ճեմարանի բոլոր բարեկամներուն եւ շնորհաւորեց շրջանաւարտները, ծնողներն ու ուսուցիչները ու յաջողութիւն մաղթեց բոլորին, ապա փոխանցեց տնօրէնութեան խօսքը:

Ան ըսաւ. «Այսօր, կը հնչէ 2025-2026 ուսումնական տարեշրջանի պաշտօնական վերջին զանգը եւ Ճեմարանաւարտներու փաղանգին կը միանան 32 երիտասարդուհիներ եւ երիտասարդներ, որոնք քիչ առաջ ծաղկեցուցին այս բեմը իրենց պատրաստած ելոյթներով: 3 Մարտ 1930-ին, երբ հայ ժողովուրդը կը գտնուէր դաժան եւ անշրջանցելի պայմաններու մէջ, Լեւոն Շանթի եւ Նիկոլ Աղբալեանի գլխաւորութեամբ խումբ մը մտաւորականներ յղացան Սփիւռքի մէջ Հայ Ճեմարան մը հիմնելու միտքը. անոնք յղացան Սփիւռքի մէջ փոքրիկ Հայաստան մը ունենալու գաղափարը՝ լաւ մարդն ու տիպար հայը կերտելու տեսլականով:  Ապա, յանդուգն ու հաստատ քայլերով հիմնուեցաւ մեր բոլորին ուխտավայր Ճեմարանը, որ 96 տարիներէ ի վեր իր իւրայատուկ դրոշմը դրած է Լիբանանի մէջ եւ աշխարհի չորս ծագերուն: Կրթական հաստատութիւն մը կը ներկայացնէ ժողովուրդի մը բաբախուն սիրտը, ժողովուրդի մը անմար յոյսը եւ ժողովուրդի մը լուսաւոր ապագան: Ճեմարանը այն սիրտն է, որ կը բաբախէ հայօրէն: Ճեմարանը այն յոյսն է, որ խիզախօրէն կը յառաջանայ հոսանքն ի վեր հակառակ բազամաթիւ մարտահրաւէրներուն: Ճեմարանը այն ապագան է, ուր կը տեսնենք մարդկային արժէքներով ու հայեցի դաստիարակութեամբ զինուած Ճեմարանականը, որ իր շինիչ ներկայութիւնն ու ներդրումը միշտ կ՛ունենայ ազգային, հասարակական եւ մասնագիտական այլազան մարզերէ ներս:»: Շեշտելով Ճեմարանի հայեցի դաստիարակութեան առաքելութիւնը, տնօրէնուհին ըսաւ. «Վերջին այս երեք տարիներուն Ճեմարանը եղաւ Սփիւռքի մէջ գործող առաջին օճախը, ուր Փետրուար 2024-ին նշուեցաւ Արցախի նուիրուած յատուկ օրը, որ վերապրեցուց Արցախը իր մշակութային արժէքներով,  երգով, պարով, բոյրերով, գոյներով,  Մամիկ-Պապիկով: Ճեմարանը դարձեալ եղաւ Սփիւռքի մէջ առաջինը, ուր Հոկտեմբեր 2025-ին նշուեցաւ Արարատի նուիրուած յատուկ օրը, բարձրաձայնելով ամէնուրեք որ «մենք, միայն մե՛նք Արարատ ունենք»: Իսկ Մայիս 2026-ին, Ճեմարանը եղաւ Լիբանանահայ առաջին վարժարանը, որ  իր հայեցի կրթութեան ծրագիրին մէջ ներառեց ամբողջ դասարանի մը Հայաստանագնացութիւնը, աշակերտներոուն մօտ ամրապնդելով պահանջատէր հայու ոգին եւ հայրենիքի սէրը: Այսօր, աւելի քան երբեք, հայ դպրոցը անհրաժեշտութիւն մըն է հայութեան գոյապայքարին համար»: Անդրադառնալով անցնող տարեշրջանին, տնօրէնուհին շարունակեց. «Ամէն օր մենք կը գտնուինք նորանոր մարտահրաւէրներու դիմաց, երկրի պատերազմական իրավիճակը, անապահովութիւնն ու անոր ստեղծած ճնշուածութիւնը եւ ընկերային ու տնտեսական այազան դժուարութիւնները: Այս տարեշրջանը դիւրին չէր. մտահոգութիւնները առկայ են բոլորիս քով  մինչեւ օրս, սակայն գերադասելով մարդկային արժէքները, հայ ինքնութիւնը եւ բարձրորակ կրթութեան կարեւորութիւնը, մեր ամբողջ անձնակազմը  նուիրուեցաւ այս առաքելութեան: Պատահական չէ, որ մենք մեր մասին խօսելու ժամանակ մենք մեզ կ՛անուանենք Ճեմարանի մեծ ընտանիք: Այո՛: Մեր դպրոցէն ներս եւ դպրոցին համար գործող իւրաքանչիւր ուսուցիչ, պաշտօնեայ կամ օժանդակ կը պատկանի այս գաղափարի նուիրական ընտանիքին, ուր հաւաքական ճիգերով եւ ձեռք-ձեռքի տալով կը ձգտինք լաւագոյնին: Գուլիսներուն ետին գործող այս անձինքն են Ճեմարանի սիւները: Քանի մը տողերով կարելի չէ ներկայացնել ամբողջ տարեշրջանի մը ընդարձակ ու բեղուն գործունէութիւնը, սակայն շատ ամփոփ կարելի է ըսել, որ Ճեմարանը քայլ պահեց Ֆրանսական եւ լիբանանեան պաքալորէաներու բոլոր նորութիւններուն հետ եւ միջնակարգէն ներս կիրարկեց նաեւ ֆրանսական պրէօվէի ծրագիրը: Հպարտօրէն յայտարարենք նաեւ, որ մենք եղանք ամբողջ Լիբանանի տարածքին գործող այն ընտրուած վարժարաններէն մէկը, որ մասնակցեցաւ Լիբանանի առաջին տիկնոջ տիկին Նըըմաթ Աունի հովանաւորած քաղաքացիական դպրոցի աշխատանքներուն եւ արժանացանք յատուկ գնահատականի: Մեր աշակերտները մասնակցեցան արտադասարանային բազմաթիւ աշխատանքներու, ինչպէս նաեւ ապահովեցին համալսարանի մուտքի քննութիւններու աննախընթաց փայլուն արդիւնքներ: Այս տարեշրջանին, կարողացանք նաեւ ամբողջացացնել շինարարական մեծ ծրագիր մը, կառուցելով Ճեմարանի մայր շէնքի նոր ճաշասրահը, ուր օրական նախաճաշի եւ ճաշի դրութիւն ստեղծուեցաւ ամբողջ աշակերտութեան եւ անձնակազմին»: Ապա տնօրէնուհին շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք իրենց բարոյական եւ նիւթական օժանդակութիւններով միշտ Ճեմարանի նեցուկ կը կանգնին եւ իրենց օժանդակութիւնը կը բերեն սերունդներու պատրաստութեան: Ան երախտագիտական յատուկ խօսք ուղղեց Ճեմարանի ուսուցչական եւ վարչական անձնակազմին, իր ժրաջան ու հետեւողական աշխատանքին եւ անսակարկ նուիրուածութեան համար: Տնօրէնուհին շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ իրենց զաւակները Ճեմարանին վստահած ընտանիքներուն:

Վկայականներու բաշխումէն առաջ, Փաուլա Եղիայեան խօսքը ուղղեց շրջանաւարտներուն եւ ըսաւ. «Տասը տարիներ առաջ, երբ ստանձնեցի Ճեմարանի տնօրէնութիւնը, առաջին խօսքերս եղան հետեւեալները. Ճեմարանի մէջ պատասխանատուութիւն ստանձնելը, սովորական պատասխանատութիւն մը չէ, այլ շատ յանձնառու առաքելութիւն մը: Հիմա, նոյնը կ՛ըսեմ ձեզի՝ սիրելիներ, Ճեմարանաւարտ ըլլալը սովորական պատասխանատուութիւն մը չէ, այլ շատ մեծ պարտաւորութիւն մը: Իւրաքանչիւր սկիզբ ունի իր աւարտը, բայց իւրաքանչիւր աւարտ կը բանայ նոր էջ մը եւ կը բանայ նոր հորիզոններ. այսօր ձեր դպրոցական կեանքի աւարտը նոր սկզբնաւորութիւն մըն է. կեանքի այս նոր հանգրուանը նոր դպրոց մըն է ձեզի համար: Կեանքը դիւրին չէ եւ շատ յաճախ ալ արդար չէ. կան խոչընդոտներ, դժուարութիւններ եւ ձախողութիւններ, բայց կեանքը նաեւ գագաթներու նուաճում մըն է. գագաթներ, զորս կարելի է նուաճել աննկուն կամքով եւ հետեւողական աշխատանքով: Մի՛ վախնաք այդ գագաթներէն. մի՛ վախնաք երազելէ. այդ երազները կ՛իրականանան եթէ ըլլաք խստապահանջ ու կարգապահ դուք ձեր անձերուն նկատմամբ: Աշխատասիրութեամբ, լայն համբերութեամբ եւ պատասխանատու գիտակցութեամբ բարձրացէք քայլ առ քայլ: Թող այս վկայականը ըլլայ ձեր ապագայ ծրագիրներուն եւ նուաճումներուն մեկնակէտը: Հեռու մնացէք կեղծիքէն, ցուցամոլութենէն, նիւթապաշտութենէն, փառասիրութենէն, կողմնակալութենէն ու խաբեբայութիւններէն: Եղէք շրջահայեաց եւ լայնախոհ,

աշխատասէր ու ծառայասէր, ընկերասէր, պարկեշտ ու համեստ: Եղէք ազնիւ ու պարզ,

երախտապարտ եւ գոհունակ, արդարամիտ, ինքնավստահ ու հպարտ: Եղէք վե՛հ Արարատին նման: Եղէք հայ ընտանիքի, դպրոցի, լեզուի, հայոց պատմութեան, մշակոյթի եւ աւանդութիւններուն եւ մանաւանդ «Մեր բոլորին ուխտավայր Ճեմարան»-ի պահապանները: Թող ժպիտը ըլլայ միշտ ձեր դէմքերուն վրայ: Մնացէք առողջ: Ձեզի կը մաղթեմ, յաջողութիւն, բարի երթ ու կանաչ ճանապարհ»:

 

Իր խօսքէն ետք, Փաուլա Եղիայեան բեմ հրաւիրեց Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան փոխատենապետ Թամար Տէր Պետրոսեանը՝ մասնակցելու վկայականներու յանձնումին։

Շրջանաւարտի վկայականներ ստացան.

Ատուրեան Կայէլ, Արբաճեան Հրակ, Աքօղլանեան (Ճերմակեան) Վարագ, Բակլայեան Լոռի, Գասապեան Շուշի, Գիլէճեան Սելին, Զարմէնեան Վահագն, Թահմիզեան Մէյրի, Թաշճեան Գորիս, Թաշճեան Սիփան, Ժագմագեան Լիզա, Խանճեան Կի, Կարապետեան Ժան, Կիրակոսեան Վիքի, Ղազարեան Մարգրիտ, Մաթոսեան Սեպուհ, Մահտեսեան Սարին, Մարկոսեան Նանօր, Մարկոսեան Օրօր, Մինասեան Տանիէլ, Մինասեան Քրիսթել, Միսիսեան Արազ, Միքայէլեան Աւետիս, Չափարեան Արի, Չերքէզեան Նարեկ, Պաղտասարեան Պաղտիկ, Պասմաճեան Արամ, Պեզճեան Զուլալ, Պորոյեան Վայք, Սապունճեան Հրակ, Քէշիշեան Ալիք, Քիլիսլեան Քրիսթինա:

Վկայականներու բաշխումէն ետք հանդիսութիւնը փակուեցաւ Ճեմարանի քայլերգով, որմէ ետք ներկաները շնորհաւորեցին շրջանաւարտները, եւ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն։