Ուրախութեամբ, հպարտութեամբ եւ մանկական անմեղ ժպիտներու գեղեցիկ մթնոլորտի մէջ, Ուրբաթ 19 Յունիս 2026-ի երեկոյեան ժամը 7:00- ին Համազգայինի Ռ. եւ Ա. Արսլանեան մանկամսուրի բակէն ներս տեղի ունեցաւ մանկամսուրի ամավերջի հանդէսը:
Հանդէսին իրենց մասնակցութիւնը բերին նապիկ դասարանի 38 փոքրիկները, որոնք երգերով ու պարերով ներկայացուցին տարուան ընթացքին իրենց սորված ու ապրած ուրախ պահերը:
Անոնց ինքնավստահ քայլերը, անմեղ ժպիտներն ու անկեղծ արտայայտութիւնները ստեղծեցին ջերմ մթնոլորտ մը՝ արժանանալով ներկաներուն բուռն ծափահարութիւններուն:
Հանդէսին տպաւորիչ պահերէն մէկը էր, երբ 38 շրջանաւարտ փոքրիկներ հաստատ քայլերով բարձրացան բեմ եւ ստացան իրենց կեանքի առաջին գեղեցիկ վկայականը, որ իրենց դիմաց բացաւ նոր ճանապարհ: Անոնք ծաղկեցան, մեծցան եւ արդէն պատրաստ են միանալու Նորսիկեան մանկապարտէզին:
Մեծ մայրերու, մեծ հայրերու եւ ընտանիքներու ներկայութիւնը աւելի եւս ջերմացուց հանդիսութիւնը, զայն վերածելով յիշատակելի օրուան մը:
Մանկամսուրի վկայական ստացան հետեւեալ փոքրիկները.
Նանոր Արոյեան, Նարօտ Գասպարեան, Սերժիօ Կոճիքեան, Էվա Գարամանուկեան, Վարագ Զիննէթեան, Համբիկ Սուսանի, Ծիլա Մարկոսեան, Սերժ Եանպէքեան, Սէրլի Եանպէքեան, Լիանա Բագրատունեան, Նարեկ Ապաճեան, Սարհատ Ադամեան, Օսէա Տօնապետեան, Ճոն Գարապաշեան, Քրիս Ֆատտուլ, Շողեր Զէյթճեան, Ալեք Խտրլարեան, Սոֆիա Պու Անթուն, Գլարիթա Պաժանեան, Մաթիա Չիֆճեան, Ուիլիամ Արսլանեան, Սանան Մելքոնեան, Լոռի Ուաքիմեան, Թէօ Տէր Դաւիթեան, Կրէկօրի Նալպանտեան, Բալենի Սամմաք, Լէթիսիա Յակոբեան, Մայքըլ Հաննա, Րաֆֆի Յակոբեան, Սոֆի Գավլաքեան, Դրօ Վարդանեան, Կայա Տէքերմենճեան, Քամի Ալթունեան, Մաթէօ Սողոմոնեան, Սիլա Հէյպէլեան, Վարագ Յովսէփեան, Գայա Շաթոյեան, Էլի Գասարճեան:
