Երկուշաբթի, 15 Յունիս 2026-ին, աւարտական դասարանի աշակերտները Ճեմարանի ընկերային ծառայողներուն ընկերակցութեամբ այցելեցին Ազգային Առաջնորդարան եւ հանդիպում ունեցան Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ․ Տ․ Շահէ Արք․ Փանոսեանին հետ, որ ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց Թեմի գործունէութիւնը եւ զրուցեց աշակերտներուն հետ։
Աշակերտները իրենց հանդէսի հրաւէրը յանձնեցին Առաջնորդ Սրբազանին, ապա Առաջնորդարանի դիւանապետ Պարոյր Տէր Ղուկասեանի ընկերակցութեամբ շրջեցան կառոյցի զանազան բաժանմունքները եւ բացատրութիւններ ստացան յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու գործունէութեան մասին:
Ընկերային կազմաւորման ծրագիրի այս այցելութիւնը կը միտի կեանքի նոր հանգրուանի սեմին գտնուող աշակերտները իրազեկ դարձնել Ազգային Առաջնորդարանի գործունէութեան, որպէսզի հետագային իրենք եւս ըստ իրենց մասնագիտութիւններուն եւ կարելիութիւններուն ներդրում ունենան ազգային կեանքին մէջ:
