ՀՕՄ-Ի ՆՈՐՍԻԿԵԱՆ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ ԱՄԱՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԷՍ

Երեքշաբթի, 23 Յունիս 2026-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ ՀՕՄ-ի Նորսիկեան Մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսը, ներկայութեամբ Ճեմարանի անձնակազմին, Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան, Ճեմարանի խնամակալութեան, ծնողներու, բարեկամներու եւ շրջանաւարտներու:

Հանդէսը սկսաւ կանաչ դասարաններու տեսերիզով, ուր փոքրիկները ներկայացուցին մանկապարտէզը եւ իրենց առօրեան: Մանկապարտիզպանուհի Թալին Եահնիեան տեսերիզի աւարտին բարի երթ մաղթեց աշակերտներուն եւ ըսաւ. «Այսօր մեր փոքրիկները քիչ մը յուզուած, քիչ մը ուրախ, մնաս բարով պիտի ըսեն իրենց սիրելի մանկապարտէզին եւ պիտի անցնին տարրական բաժին»:

Այս տարուան հանդէսին բնաբանն էր «Սէրը մեր փոքրիկ սրտերուն մէջ»:  Իւրայատուկ բեմականացումով, փոքրիկները գունաւոր հագուստներ հագած երգերով, պարերով ու խօսքերով ներկայացուցին սէրը՝ ընկերասիրութեան մէջ, մեծ մայրիկին հացին մէջ, բնութեան մէջ, կենդանիին մէջ, երաժշտութեան մէջ եւ ի վերջոյ՝ Հայրենիքի սէրը: Ակներեւ էր փոքրիկներուն ինքնավստահութիւնը եւ իւրաքանչիւր արտասանուած խօսքի իրենց տիրապետումը: Յայտագրին մասնակցեցան նաեւ կապոյտ դասարաններու փոքրիկները երեք պարերով: Գունագեղ տարազները, լուսաւորումը, երաժշտութիւնն ու նուագախումբը հանդիսատեսները փոխադրեցին զգացումներու  աշխարհ։ Արդի արհեստագիտութիւնը մեծ դեր ունէր հանդէսին ընթացքին։ Ամբողջ յայտագիրի տեւողութեան, փոքրիկներուն ետեւի պաստառին վրայ կը ցուցադրուէին նիւթին համապատասխան տեսերիզներ ու պատկերներ, որոնց մեծ մասը պատրաստուած էր ժամանակակից արհեստագիտական միջոցներով։

Հանդէսի աւարտին, փոքրիկները ջերմօրէն շնորհաւորեցին իրենց հայրերու տօնը՝ անոնց նուիրելով սրտաձեւ փուչիկներ։ Ապա «Մնաս բարով, մանկապարտէ՛զ» տեսերիզի ցուցադրութենէն ետք, փոքրիկները բեմ բարձրացան աւարտական դասարանի աշակերտներուն հետ, որոնցմէ ստացան յուշանուէրներ: Այնուհետեւ բեմ բարձրացաւ Ճեմարանի տնօրէն Փաուլա Եղիայեան, եւ կանաչ դասարանի 28 աշակերտները ստացան իրենց վկայականները:

Վկայական ստացան հետեւեալ աշակերտները.

Ճերմակեան Հէլէն, Արոյեան Կասիա, Աւետիս Լիանա, Տէր Պետրոսեան Կառնի, Ժամկոչեան Սառա, Գավլաքեան Կալի, Քէպապճեան Վանա, Քիուանեան Լիանա, Աղուորեան Լէա, Պիթարեան Կալիա, Հատշիթի Միքայէլլա, Նիկողոսեան Արիա, Աւագեան Ռուբէն, Յակոբեան Ճորճ, Գույումճեան Ալեքսանտր, Մանուկեան Հրակ, Մեսրոպեան Հայկ, Թոնդեան Շանթ-Բենօ, Պաղտիկեան Զարեհ, Պուարի Հայկ, Տէր Պետրոսեան Վայք, Տէր Թորոսեան Նօուա, Մանտալեան Նարեկ, Սաղպազարեան Փայլակ, Սեմէրճեան Ալեքս, Սիբիլեան Ճօշուա, Թանկուքեան Դրօ, Զիննէթեան Կարօտ:

Տնօրէնուհին շնորհաւորեց աշակերտները ծնողներն ու ուսուցիչները եւ «վարձքը կատա՛ր» ըսաւ բոլորին:

Հանդէսը փակուեցաւ Ճեմարանի քայլերգին երգեցողութեամբ: