ՃԵՄԱՐԱՆԻ ԱՆՁՆԱԿԱԶՄԻ ՎԵՐԱՄՈՒՏԻ ՀԱՒԱՔ ԵՒ ՄԱՆԿԱՎԱՐԺԱԿԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՈՑ

Ուրբաթ, 11 Սեպտեմբեր 2026-ին տեղի ունեցաւ Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի անձնակազմի վերամուտի հաւաքը, «Պոլեան» սրահին մէջ:

Ճեմարանի տնօրէն Փաուլա Եղիայեան ժողովի բացման խօսքին մէջ կրկին անգամ շեշտեց Ճեմարանի «մեծ ընտանիք» հասկացողութեամբ գործելաոճի կարեւորութիւնը յանուն կրթական առաքելութեան յաջողութեան եւ մէջբերեց Լեւոն Շանթի հետեւեալ խօսքը. «Դպրոցական գործի հիմն ու առանցքը ուսուցիչն է: Ծրագիր, կանոնագիր, վարչութիւն, հրահանգ ու որոշում, շէնք ու յարմարութիւններ՝ ասոնք բոլորը շատ կարեւոր բաներ են եւ ատոնց գէշ կամ աղէկ ըլլալէն կախուած է շատ բան. բայց այս բոլորէն վեր եւ այս բոլորին վրայ իր կնիքը դնողը ուսուցիչն է…»:

Ներկայացնելէ ետք անցնող տարեշրջանին ընթացքին, հակառակ պատերազմին ստեղծած ծանր պայմաններուն եւ նոր մարտահրաւէրներուն կատարուած գլխաւոր աշխատանքներն ու իրագործումները, տնօրէնուհին անդրադարձաւ 2026-2027 տարեշրջանին վերաբերող փոփոխութիւններուն եւ նորութիւններուն: Ան ողջունեց դպրոցի անձնակազմին միացած անդամները եւ փոխանցեց Ճեմարանի կրթական համակարգի եւ ընթացիկ աշխատանքներու մասին անհրաժեշտ տեղեկութիւնները, ապա բարի վերամուտ մաղթեց բոլորին եւ ներկաները հրաւիրեց հիւրասիրութեան:

Այնուհետեւ ժամը 9:30-էն 11:30, տեղի ունեցաւ մանկավարժական զրոյց-դասախօսութիւն  մը՝ «Մեր առաքելութիւնը եւ մեր առօրեայ փոխյարաբերութիւնները» նիւթով: Հիւր դասախօսն էր մանկավարժ՝ Դոկտ. Կարին Գալուստեան (child development-ի մասնագէտ):

Խմբանկարէ մը ետք, Ճեմարանի անձնակազմի անդամները վերամուտին ընդառաջ բարձր տրամադրութեամբ եւ ոգեւորութեամբ մեկնեցան դպրոցէն: