ԳՈՒՆԱՒՈՐ ՊԱՍՏԱՌՆԵՐ՝ ԸՆԴԴԷՄ ԹՈՒԱՅԻՆ ՄՈԼՈՒԹԵԱՆ

Այսօր, համացանցը, ընկերային ցանցերն ու առցանց խաղերը դարձած են մեր առօրեային անբաժան մասը։ Սակայն, երբեմն այդ կապուածութիւնը կը վերածուի մոլութեան (addiction)՝ խլելով մեր ժամանակը, քունն ու կեդրոնացումը։

Այս վտանգին դէմ արթնութիւն ստեղծելու համար, Ը. դասարանի ֆրանսական ծրագիրին հետեւող  չորս աշակերտները Քաղաքացիական Դաստիարակութեան (EMC) դասընթացքի ընդմէջէն խորացան այս նիւթին շուրջ։ Անոնք ուսումնասիրեցին, թէ ի՛նչպէս համակարգչային ծրագիրները (algorithms) զիրենք կամազուրկ կը դարձնեն եւ կը մղեն ժամեր շարունակ պաստառին դիմաց մնալու։

Որպէսզի այս պատգամը հասնի իրենց ընկերներուն, աշակերտները պատրաստեցին ինքնատիպ եւ տպաւորիչ պաստառներ։ Այս գծագրութիւններն ու կարգախօսները կը հրաւիրեն իւրաքանչիւրս մտածելու մեր սովորութիւններուն մասին եւ վերագտնելու իրական կեանքի գեղեցկութիւնը։

Մեր աշակերտներուն պատրաստած պաստառները մեզի կը յիշեցնեն՝ տէ՛րը դառնալ մեր ժամանակին, այլ ոչ թէ՝ գերին։