ՄԱՆԿԱՎԱՐԺԱԿԱՆ ՎԵՐԱՈՐԱԿԱՒՈՐՄԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՈՑ

Կազմակերպութեամբ Ճեմարանի տնօրէնութեան, մանկավարժական եւ վերաորակաւորման աշխատանոցներու ծիրին մէջ, Երեքշաբթի 15 եւ Հինգշաբթի 17 Սեպտեմբեր 2026-ին, մանկապարտէզի, տարրական, նախակրթարան եւ միջնակարգ բաժիններու ուսուցիչներուն մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ «AI training-Practical tools for teaching, assessment and classroom innovation» նիւթով աշխատանոց մը, Պոլեան սրահէն ներս:

Հայկազեան համալսարանի դասախօս դոկտ. Շանթ Ստեփան մանրամասն բացատրութիւններ տուաւ նիւթին մասին, ապա իւրաքանչիւր ուսուցիչ իր համակարգիչով գործնական աշխատանք մը կատարեց:

Աշխատանոցը մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծեց ուսուցիչներուն մօտ, դասաւանդման եղանակներու նորարարական եւ ստեղծագործական անոնց հմտութիւնները զարգացնելով: